YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 3

3
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՔԱՈՍ
1Վասն զի ահա զօրքերու Եհովա Տէրը
Երուսաղէմէն եւ Յուդայէն պիտի վերցնէ գաւազանը եւ ցուպը,
Հացին բոլոր զօրութիւնն ու ջուրին բոլոր զօրութիւնը,
2Կտրիճն ու պատերազմող մարդը,
Դատաւորն ու մարգարէն, գուշակութիւն ընողն ու ծերը,
3Յիսնապետն ու պատուաւոր մարդը,
Խորհրդականն ու իմաստուն ճարտարապետը եւ հանճարեղ կախարդը։
4Անոնց վրայ մանուկները իշխան պիտի կարգեմ,
Անոնց վրայ տղաք պիտի իշխեն։
5Ժողովուրդը՝ իրարմէ
Ու ընկերը իր ընկերէն հարստահարութիւն պիտի կրեն.
Մանուկները ծերերուն վրայ պիտի գոռոզանան
Եւ անարգները՝ պատուականներուն։
6Այն ատեն մարդ իր հօրը տունէն եղող իր եղբայրը պիտի բռնէ ու ըսէ.
«Դուն հանդերձ ունիս,
Մեր վրայ իշխան եղիր
Ու այս աւերակը քու ձեռքիդ տակ թող ըլլայ»։
7Այն օրը անիկա #3:7 Կամ, երդում պիտի ընէ։ Եբր., պիտի վերցնէպատասխան պիտի տայ՝ ՝ ու ըսէ.
«Ես #3:7 Կամ, բժիշկառաջնորդ չեմ ըլլար,
Վասն զի իմ տանս մէջ ո՛չ հաց կայ եւ ո՛չ հանդերձ.
Զիս ժողովուրդին վրայ իշխան մի՛ կարգէք»։
8Քանզի Երուսաղէմ սասանեցաւ եւ Յուդա ինկաւ։
Վասն զի անոնց լեզուներն ու գործերը Տէրոջը դէմ են,
Որպէս զի բարկացնեն անոր փառաւոր աչքերը։
9Անոնց երեսներուն տեսքը իրենց դէմ կը վկայէ
Եւ իրենց մեղքերը Սոդոմի պէս կը յայտնեն, չեն ծածկեր։
Վա՜յ անոնց անձին, վասն զի իրենց վրայ չարիք բերին։
10Արդարին ըսէք թէ իրեն աղէկ պիտի ըլլայ.
Վասն զի անոնք իրենց գործերուն պտուղը պիտի ուտեն։
11Վա՜յ անօրէնին, գէշ պիտի ըլլայ անոր,
Վասն զի անոր ձեռքերուն գործերուն փոխարէնը իրեն պիտի տրուի։
12 Բայց իմ ժողովուրդիս հարստահարիչները տղաք են
Ու անոր վրայ կիներ կը տիրեն։
Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու առաջնորդներդ քեզ գլխէ կը հանեն
Եւ քու շաւիղներուդ ճամբան կը խանգարեն։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԴԱՏԷ
13Տէրը դատաստան տեսնելու ելեր է
Ու ժողովուրդները դատելու կեցեր է։
14Տէրը ինք դատաստան ընելու պիտի գայ
Իր ժողովուրդին ծերերուն ու իշխաններուն հետ։
«Վասն զի դուք այգին այրեցիք
Ու աղքատէն յափշտակուածը ձեր տունն է։
15Դուք իմ ժողովուրդս կը կեղեքէք
Ու աղքատները կը հարստահարէք»,
Կ’ըսէ Եհովան, զօրքերու Տէրը։
16Եւ Տէրը այսպէս ըսաւ.
«Որովհետեւ Սիօնի աղջիկները հպարտացան
Ու բարձրապարանոց կը քալեն,
Անհամեստ ակնարկութիւններ կ’ընեն,
Մանրաքայլ կ’երթան
Ու ոտքերով շաչիւն կը հանեն,
17Տէրն ալ Սիօնի աղջիկներուն գագաթը պիտի կնտացնէ
Եւ անոնց ամօթոյքը պիտի մերկացնէ»։
ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԻՆԵՐՈՒՆ
18Եւ այն օրը Տէրը պիտի վերցնէ
Անոնց ոտքի մեհեւանդներուն փառքը
Ու ցանցակերպ ծամակալները եւ մահիկները,
19Գինդերը, ապարանջաններն ու շղարշատեռները,
20Ապառօշները, ոտքի շղթաներն ու գօտիները,
Անուշահոտութիւններու տուփերը, հմայեակները,
21Մատանիները եւ քթերուն օղերը,
22Պատմուճանները, վերարկուները,
Ծածկոցներն ու քսակները,
23Հայելիներն ու բեհեզները,
Խոյրերն ու քօղերը։
24Որպէս զի անուշահոտութեան տեղ փտտութիւն
Ու գօտիի տեղ չուան
Եւ գանգուր մազերու տեղ կնտութիւն
Եւ լանջագեղ կամարի տեղ քուրձի գօտի
Ու գեղեցկութեան տեղ խարան ըլլայ։
25Քու մարդիկդ սուրով պիտի իյնան
Ու կտրիճներդ ալ պատերազմի մէջ։
26Եւ անոր դռները պիտի ողբան ու սուգ բռնեն
Եւ անիկա ամայի ըլլալով՝ գետինը պիտի նստի։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 3: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in