ԵՍԱՅԵԱՅ 27
27
1Այն օրը Տէրը իր ամրակուռ, մեծ ու զօրաւոր սուրովը
Պիտի պատժէ Լեւիաթանը, փախչող օձը,
Այսինքն այն Լեւիաթանը՝ գալարուող օձը
Ու ծովուն մէջ եղող վիշապը պիտի մեռցնէ։
2«Այն օրը #27:2 Կամ, ցանկալիգինիի այգիին վրայ երգեցէք.
3Ես՝ Տէրս՝ կը պահեմ զանիկա,
Ամէն վայրկեան պիտի ոռոգեմ զանիկա,
Գիշեր ու ցորեկ անոր պահպանութիւն պիտի ընեմ,
Որպէս զի չըլլայ թէ մարդ մը անոր վնասէ։
4Ես բարկութիւն չունիմ.
Երանի՜ թէ ցախերն ու փուշերը ինծի դէմ պատերազմէին։
Ես անոնց վրայ պիտի քալէի
Ու զանոնք մէկէն պիտի այրէի։
5Եթէ ոչ՝ թող իմ զօրութեանս ապաւինին,
Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն.
Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն»։
6Ապագային Յակոբ պիտի արմատանայ,
Իսրայէլ պիտի ծաղկի ու պիտի ընձիւղի
Եւ պտուղով աշխարհի երեսը պիտի լեցնեն։
7Միթէ զանիկա զարնողին հարուածի՞ն պէս զարկաւ զանիկա,
Կամ անկէ սպաննուածներուն սպաննութեա՞ն պէս սպանուեցաւ։
8Չափաւորութեամբ վիճեցար անոր հետ,
Երբ զանիկա ղրկեցիր,
Թէեւ արեւելեան հովին օրը սասատիկ հովով տարիր։
9Ուստի ասով քաւութիւն պիտի ըլլայ Յակոբին անօրէնութեանը։
Բոլոր #27:9 Եբր., պտուղըդիտաւորութիւնը այս է, որ անոր մեղքը վերցնէ,
Երբ զոհարաններուն բոլոր քարերը կիրի փշրուած քարերու պէս ընէ,
Աստարովթի կուռքերն ու արեգակին արձանները, ա՛լ պիտի չկանգնին։
10Քանզի պարսպապատ քաղաքը՝ ամայի
Ու շէն տեղը անապատի պէս պիտի թողուի ու մոռցուի։
Զուարակը հո՛ն պիտի արածի ու հո՛ն պիտի պառկի
Ու անոր ճիւղերը պիտի հատցնէ։
11Անոր ոստերը չորնալով պիտի կոտրին,
Կիները պիտի գան ու զանոնք պիտի բռնկեցնեն։
Անիկա իմաստուն ժողովուրդ չէ,
Ուստի զանիկա ստեղծողը անոր վրայ պիտի չգթայ
Ու զանիկա կազմողը անոր պիտի չողորմի։
12Այն օրը,
Տէրը Գետին յորձանքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը պիտի թօթուէ։
Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,
Մէկիկ մէկիկ պիտի հաւաքուիք։
13Այն օրը մեծ փողը պիտի հնչեցնեն
Եւ Ասորեստանի երկրին մէջ թափառական եղողները
Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ աքսորուածները պիտի գան
Ու Երուսաղէմ սուրբ լերանը վրայ
Տէրոջը երկրպագութիւն պիտի ընեն։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 27: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.