ԵՍԱՅԵԱՅ 25
25
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս դուն ես.
Քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անուանդ փառք պիտի տամ.
Քանզի սքանչելի բաներ ըրիր,
Քու վաղեմի խորհուրդներն հաւատարիմ եւ ճշմարիտ են։
2Քանզի քաղաքը հողակոյտ
Ու պարսպապատ քաղաքը աւերակ դարձուցիր,
Որպէս զի այսուհետեւ քաղաք չըլլալով՝
Օտարականներուն պալատը յաւիտեան չշինուի։
3Անոր համար զօրաւոր ժողովուրդը քեզ պիտի պատուէ
Եւ ահարկու ազգերուն քաղաքը քեզմէ պիտի վախնայ։
4Վասն զի դուն ապաւէն եղար աղքատին,
Ապաւէն՝ չքաւորին իր նեղութեան ատենը,
Ապաստանարան՝ փոթորիկէն, հովանի՝ տաքութենէն,
Երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ։
5Օտարականներուն աղաղակը
Չոր տեղին տաքութեանը պէս պիտի մեղմացնես։
Ինչպէս տաքութիւնը ամպի հովանիով կ’իջնէ,
Այնպէս բռնաւորներուն ցնծութեանը ձայնը պիտի ցածնայ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՈՉՈՒՆՔ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
6Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ
Բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ,
Պարարտ բաներու եւ հին գինիներու,
Ծուծով լեցուած պարարտ բաներու
Ու զտուած հին գինիներու կոչունք։
7Այս լերան վրայ
Բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը
Ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը բնաջինջ պիտի ընէ։
8Մահը #25:8 Կամ, յաղթութեան մէջյաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ
Ու Տէր Եհովան ամէն #25:8 Եբր., երեսէաչքէ արցունքը պիտի սրբէ
Եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ.
Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։
9Ու այն օրը պիտի ըսեն.
«Ահա մեր Աստուածը ասիկա է.
Անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց.
Տէրը ասիկա է, անոր յուսացինք.
Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎԱԲԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
10Քանզի Տէրոջը ձեռքը այս լերան վրայ պիտի հանգչի
Ու Մովաբ անոր տակ պիտի կոխկռտուի,
Ինչպէս յարդը կը կոխկռտուի աղբանոցին մէջ։
11Իր ձեռքերը պիտի տարածէ անոր վրայ,
Ինչպէս լողացողը կը տարածէ լողալու ատեն։
Անոր հպարտութիւնը անոր ձեռքերուն հնարքներուն հետ պիտի կործանէ։
12Եւ քու բարձր պարիսպներուդ ամրութիւնը պիտի խոնարհեցնէ
Ու գետնին հետ հաւասարեցնելով փոշիի մէջ պիտի ձգէ։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 25: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.