ԵՍԱՅԵԱՅ 23
23
ՊԱՏԳԱՄ ՓԻՒՆԻԿԷԻ ՄԱՍԻՆ
1Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր,
Քանզի անիկա բնաջինջ եղաւ, հոն տուն կամ #23:1 Եբր., մուտքդուռ չմնաց։
Ասիկա Կիտացիներու երկրէն յայտնուեցաւ անոնց։
2Ո՜վ կղզիի բնակիչներ, լռեցէ՛ք.
Ծովէ անցնող Սիդոնացիներու վաճառականները լեցուցեր էին քեզ։
3Եւ շատ ջուրերու մէջ գոյացող #23:3 Կամ, ՆեղոսիՍիովրի հունտերը,
Գետին հունձքը անոր եկամուտն էր։
Անիկա ազգերուն վաճառանոցն էր։
4Ո՛վ Սիդոն, ամչցի՛ր, քանզի ծովը կը խօսի.
Ծովուն զօրութիւնը կը խօսի ու կ’ըսէ.
«Ես ծննդականի ցաւ չեմ քաշեր ու չեմ ծնանիր.
Երիտասարդներ չեմ սնուցաներ եւ կոյս աղջիկներ չեմ մեծցներ»։
5Երբ այս բանը Եգիպտացիներուն ականջը հասնի,
Տիւրոսին լուրին համար պիտի տագնապին։
6Թարսիս անցէ՛ք,
Ո՛վ ծովեզերքի բնակիչներ, ողբացէ՛ք։
7Ձեր ուրախութեան քաղաքը ասիկա՞ է,
Որուն ծագումը հին օրերէն է,
Անոր ոտքերը հեռու տեղ պանդուխտ ըլլալու պիտի տանին զանիկա։
8Ո՞վ այս խորհուրդը ըրաւ Տիւրոսի դէմ,
Որ իր բնակիչները կը պսակէր։
Անոր վաճառականները իշխաններ էին
Ու առուտուր ընողները՝ երկրին պատուաւոր մարդիկը։
9Զօրքերու Տէրը այս խորհուրդը ըրաւ,
Որպէս զի ամէն փառքի ամբարտաւանութիւն խայտառակէ
Ու երկրին բոլոր պատուաւորները անարգէ։
10Ո՛վ Թարսիսի աղջիկ,
Քու տեղէդ գետի պէս անցիր,
Ասկէ ետքը #23:10 Կամ, արգելքգօտի չկայ։
11Իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց,
Թագաւորութիւնները սարսեց։
Տէրը Քանանացիներուն հրամայեց,
Որ անոր բերդերը աւերեն.
12Ու ըսաւ. «Դուն անգամ մըն ալ պիտի չուրախանաս,
Ո՛վ Սիդոնի անարգուած կոյս աղջիկ,
Ելի՛ր, Կիտի՛մ անցիր,
Բայց հոն ալ հանգստութիւն պիտի չունենաս»։
13Ահա Քաղդէացիներու երկիրը,
Որ ատենօք ժողովուրդ չէր,
Ասորեստանցիները հիմնեցին զանիկա անապատի բնակիչներուն համար.
Իրենց աշտարակներ կանգնեցին, անոր պալատները քանդեցին
Եւ զանիկա հիմա աւերակ ըրին։
14Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր,
Վասն զի ձեր զօրութիւնը կորսուեցաւ։
15Եւ այն օրը Տիւրոս մոռցուած պիտի մնայ եօթանասուն տարի,
Մէկ թագաւորի օրերուն չափ։
Իսկ եօթանասուն տարի ետքը
Երգ մը պիտի երգեն Տիւրոսին, պոռնիկի երգին պէս.
16«Ո՛վ մոռցուած պոռնիկ, քնարը ա՛ռ
Ու քաղաքին մէջ պտըտէ՛.
Աղէ՛կ զարկ, շա՛տ խաղ կանչէ,
Որպէս զի քեզ յիշեն»։
17Եօթանասուն տարի ետքը
Տէրը այցելութիւն պիտի ընէ Տիւրոսին։
Անիկա իր շահին պիտի դառնայ
Ու աշխարհի երեսը եղող բոլոր երկրի թագաւորութիւններուն հետ
Պոռնկութիւն պիտի ընէ։
18Անոր #23:18 Եբր., վաճառականութիւնն ու շահըվաճառականութեան շահը՝ ՝ Տէրոջը պիտի նուիրուի.
Անիկա գանձատունը պիտի չդրուի,
Կամ շտեմարանի մէջ պիտի չպահուի.
Հապա անոր վաճառականութեան շահը
Տէրոջը առջեւ բնակողներուն պիտի ըլլայ,
Որպէս զի ուտեն մինչեւ կշտանան
Ու պատուական զգեստներ հագնին։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 23: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.