YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 21

21
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՆԿՄԱՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Ծովուն անապատին պատգամը։
Հարաւէն յարձակող մրրիկներուն պէս
Անիկա անապատէն, սոսկալի երկրէն կու գայ։
2Ինծի վշտալի տեսիլք մը յայտնուեցաւ։
Յափշտակողը կը յափշտակէ ու կործանողը կը կործանէ։
Ո՛վ Եդեմացիներ, վե՛ր ելէք. ո՛վ Մարեր, պաշարեցէ՛ք։
Անոր պատճառած բոլոր հառաչանքը դադրեցուցի։
3Ասոր համար երիկամունքս ցաւով լեցուեցաւ
Ու ծննդական կնոջ ցաւերուն պէս ցաւեր բռնեցին զիս։
# 21:3 Կամ, Լսելէն կծկուած եմ, տեսնելէն խռոված եմ Այնպէս կծկուած եմ, որ չեմ կրնար լսել,
Այնպէս խռոված եմ, որ չեմ կրնար տեսնել՝ ՝։
4Սիրտս շփոթեցաւ, արհաւիրքը զիս դողացուց.
Իմ ուրախութեանս գիշերը ինծի սրտադողի գիշեր ըրաւ։
5Սեղան կը պատրաստեն, դէտեր կը դնեն, կ’ուտեն կը խմեն.
Ելէ՛ք, ո՛վ իշխաններ, վահանները օծեցէ՛ք։
6Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.
«Գնա՛, դէտ մը դի՛ր, որ տեսածը պատմէ»։
7Անիկա հեծեալներ տեսաւ, երկու ձիաւոր
Ու էշերու վրայ հեծեալներ եւ ուղտերու վրայ հեծեալներ։
Ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ
8Ու աղաղակեց առիւծի պէս.
«Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ
Ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ։
9Ահա հեծեալ մարդիկ,
Երկու ձիաւոր՝ կու գան»։
Նաեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
«Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ
Ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները
Կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։
10Ով իմ ժողովուրդս՝ ցորենի նման կամնուած ու հոսուած,
Ես ձեզի պատմեցի, ինչ որ լսած էի
Զօրքերու Տէրոջմէն, Իսրայէլի Աստուծմէն։
ՊԱՏԳԱՄ ԵԴՈՎՄԻ ՄԱՍԻՆ
11Սէիրէն ձայն մը կու գայ ինծի.
«Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր,
Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ»։
12Պահապանը կ’ըսէ.
«Առաւօտը կու գայ ու նաեւ գիշերը.
Եթէ կ’ուզէք հարցնել, հարցուցէ՛ք.
Դարձէ՛ք ու եկէ՛ք»։
ՊԱՏԳԱՄ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԱՍԻՆ
13Արաբիայի անտառին մէջ գիշերը պիտի անցընէք,
Ո՛վ Դեդանացիներու կարաւաններ։
14Ո՛վ Թեմայի երկրի բնակիչներ,
Ծարաւին առջեւ ջրով ելէ՛ք,
Փախստականին առջեւ հացով եկէ՛ք։
15Վասն զի անոնք կը փախչին սուրերու առջեւէն,
Քաշուած սուրին առջեւէն
Ու լարուած աղեղին առջեւէն
Եւ սաստիկ պատերազմին առջեւէն։
16Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.
«Մէկ տարուան մէջ՝ վարձկանի տարիներու պէս՝
Կեդարին բոլոր փառքը պիտի վերջանայ
17Ու աղեղնաւորներուն՝ մնացած թիւը,
Կեդարին որդիներուն զօրաւոր մարդիկը պիտի քիչնան,
Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը խօսեցաւ»։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 21: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in