ԵՍԱՅԵԱՅ 14
14
ԱՔՍՈՐԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
1Վասն զի Տէրը պիտի ողորմի Յակոբին
Եւ Իսրայէլը նորէն պիտի ընտրէ
Ու զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի հանգստացնէ.
Օտարազգիները պիտի միանան անոնց
Ու Յակոբին տանը պիտի յարին։
2Ժողովուրդները պիտի առնեն ու իրենց տեղը պիտի տանին։
Իսրայէլին տունը պիտի ժառանգէ զանոնք Տէրոջը երկրին վրայ,
Իբրեւ ծառաներ եւ աղախիններ
Եւ անոնք զիրենք գերի տանողները գերի պիտի առնեն
Ու իրենց բռնութիւն ընողներուն վրայ պիտի տիրեն։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ
3Երբ Տէրը քեզ հանգստացնէ քու աշխատանքէդ, տանջանքէդ ու քու վրադ դրուած ծանր ծառայութենէն, 4Բաբելոնի թագաւորին համար այս առակը խօսիր ու ըսէ՛.
Ի՜նչպէս դադրեցաւ բռնութիւն ընողը,
Ի՜նչպէս դադրեցաւ հարկապահանջ քաղաքը։
5Տէրը՝ ամբարիշտներուն գաւազանը
Ու իշխողներուն ցուպը կոտրեց։
6Սրտմտութեամբ եւ անդադար հարուածով ազգերը զարնողը,
Բարկութեամբ ժողովուրդներուն վրայ իշխողը
Հիմա կը հալածուի ու արգիլող մը չկայ։
7Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ
Եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն։
8Նաեւ մայրիները ու Լիբանանի եղեւինները
Քեզի համար կ’ուրախանան ու կ’ըսեն.
‘Քանի որ դուն պառկեր ես,
Մեր վրայ փայտ կտրող չելաւ’։
9Դժոխքը վարէն քեզի համար դղրդեցաւ,
Որպէս զի քու գալուստդ դիմաւորէ։
Քեզի համար արթնցուց մեռելները,
Երկրի բոլոր իշխանները
Եւ բոլոր ազգերուն թագաւորները
Իրենց աթոռներէն վերցուց։
10Անոնք պիտի պատասխանեն ու քեզի ըսեն.
‘Միթէ դո՞ւն ալ մեզի պէս տկարացար
Ու մեզի նմանեցար’։
11Քու փառքդ եւ տաւիղներուդ ձայնը գերեզմանը իջան.
Քու տակդ զեռուններ տարածուեցան
Ու որդերը քեզ կը ծածկեն։
12Ով առտուն ծագող Արուսեակ,
Ի՜նչպէս երկնքէն ինկար
Ու մինչեւ գետինը կործանեցար,
Դուն որ ազգերը նկուն կ’ընէիր։
13Դուն սրտիդ մէջ ըսած էիր.
‘Երկինքը պիտի ելլեմ
Ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ
Եւ ժողովի լեռը, հիւսիսի քովերը պիտի բնակիմ.
14Ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ,
Բարձրելոյն պիտի նմանիմ’։
15Բայց ահա դժոխքը կ’իջնես, գուբին խորունկ տեղերը։
16Քեզ տեսնողները քու վրադ պիտի զարմանան
Ու քեզի նայելով պիտի ըսեն.
‘Աս այն մարդն է, որ երկիրը կը սարսէր,
Թագաւորութիւնները կը դողացնէր,
17Աշխարհս անապատ կը դարձնէր,
Անոր քաղաքները աւերակ կ’ընէր
Ու իր գերիները տուներնին չէր ղրկեր’։
18Ազգերուն բոլոր թագաւորները
Ամէն մէկը պատուով իր տանը մէջ կը պառկի։
19Բայց դուն գարշելի ընձիւղի մը պէս,
Գուբի քարերուն մէջ իջնող,
Սուրով խոցուած մեռելներուն հանդերձին պէս,
Ոտքի տակ կոխուած դիակի պէս
Քու գերեզմանէդ դուրս նետուեցար։
20Դուն թաղումով անոնց հետ չմիացար,
Քանզի քու երկիրդ աւերեցիր
Ու ժողովուրդդ սպաննեցիր։
Չարերուն սերունդը յաւիտեան պիտի չյիշուի։
21Կոտորած պատրաստեցէ՛ք անոր տղոցը,
Իրենց հայրերուն անօրէնութեանը համար,
Որպէս զի չելլեն ու երկիրը չժառանգեն
Եւ աշխարհի երեսը #14:21 Կամ, քաղաքներովթշնամիներով չլեցնեն»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԲԱԲԵԼՈՆԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ
22Քանզի զօրքերու Տէրը կ’ըսէ.
«Անոնց վրայ պիտի ելլեմ
Եւ Բաբելոնի անունն ու մնացորդը
Եւ զաւակն ու սերունդը պիտի բնաջնջեմ։
23Զանիկա՝ ոզնիներուն ժառանգութիւն
Ու ջուրի լճակներ պիտի ընեմ
Եւ կորստեան աւելով պիտի աւլեմ զանիկա»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ
24Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ ու ըսաւ.
«Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ
Ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի։
25Ասորեստանցին իմ երկրիս մէջ պիտի կոտորեմ
Ու զանիկա լեռներուս վրայ պիտի կոխկռտեմ
Եւ անոր լուծը անոնց վրայէն պիտի վերնայ
Ու անոր բեռը՝ անոնց ուսէն»։
26Բոլոր երկրի համար որոշուած նախասահմանութիւնը ասիկա է։
Բոլոր ազգերուն վրայ երկնցած ձեռքը ասիկա է։
27Քանի որ զօրքերու Տէրը նախասահմանեց,
Ո՞վ կրնայ զանիկա խափանել։
Անոր ձեռքը երկնցած է,
Ո՞վ կրնայ զանիկա ետ դարձնել։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ
28Աքազ թագաւորին մահուան տարին այս պատգամը եղաւ.
29«Ո՛վ Փղշտացիներու երկիր,
Քեզ զարնողին գաւազանը կոտրուելուն համար մի՛ ուրախանար.
Քանզի օձին արմատէն քարբ պիտի ելլէ
Ու անոր պտուղը կիզող թեւաւոր օձ պիտի ըլլայ։
30Աղքատներուն անդրանիկները պիտի կերակրուին
Ու չքաւորները ապահովութեամբ պիտի պառկին։
Քու արմատդ սուրով պիտի կորսնցնեմ
Ու անիկա քու մնացորդդ պիտի մեռցնէ։
31Ողբա՛, ո՛վ դուռ, աղաղակէ՛, ո՛վ քաղաք,
Դո՛ւն, ո՛վ Փղշտացիներու երկիր, տակնուվրայ պիտի ըլլաս,
Քանզի հիւսիսէն ծուխ մը կու գայ
Ու անոր զօրքերէն փախստական մը պիտի չըլլայ»։
32Ազգերու դեսպաններուն ի՞նչ պատասխան պիտի տրուի.
«Տէրը Սիօնի հիմերը հաստատեց
Ու անոր ժողովուրդին աղքատները հոն պիտի ապաստանին»։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 14: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.