ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37
37
ՉՈՐՑԱԾ ՈՍԿՈՐՆԵՐՈՒՆ ՁՈՐԸ
1Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ եւ #37:1 Կամ, Տէրոջը Հոգիով զիսՏէրը զիս Հոգիով՝ ՝ հանեց ու դաշտին մէջ դրաւ։ Անիկա ոսկորներով լեցուն էր։ 2Զիս անոնց շուրջը պտըտցուց։ Անոնք դաշտին երեսին վրայ խիստ շատ էին եւ խիստ չորցած։
3Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս ոսկորները կրնա՞ն կենդանանալ»։ Ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն գիտես»։ 4Ինծի ըսաւ. «Այս ոսկորներուն վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛. ‘Ո՛վ չորցած ոսկորներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք։ 5Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան այս ոսկորներուն. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք 6Եւ ձեր վրայ ջիղեր պիտի դնեմ ու ձեզ միսով պիտի պատեմ ու ձեզ մորթով պիտի ծածկեմ եւ ձեր մէջ շունչ պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»’»։
7Ես մարգարէութիւն ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ ու հազիւ թէ մարգարէացայ՝ ձայն մը լսուեցաւ, շարժում մը եղաւ ու ոսկորները իրարու մօտեցան՝ ոսկորը իր ոսկորին։ 8Տեսայ թէ անոնք ջիղերով ու միսով պատուեցան ու մորթով ծածկուեցան, բայց անոնց մէջ շունչ չկար։ 9Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Շունչին մարգարէութիւն ըրէ՛։ Մարգարէութիւն ըրէ՛, որդի՛ մարդոյ ու շունչին ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛վ շունչ, չորս հովերէն եկուր ու այս սպաննուածներուն վրայ փչէ՛, որպէս զի կենդանանան’»։ 10Ես մարգարէութիւն ըրի՝ ինչպէս Տէրը ինծի հրամայեց ու շունչը անոնց մէջ մտաւ ու կենդանացան եւ իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան ու խիստ մեծ բանակ մը եղաւ։
11Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ այս ոսկորները բոլոր Իսրայէլի տունն են։ Ահա անոնք կ’ըսեն. ‘Մեր ոսկորները չորցան ու մեր յոյսը կտրեցաւ. մենք կորսուած ենք’։ 12Ուստի մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր գերեզմանները պիտի բանամ ու ձեզ ձեր գերեզմաններէն հանեմ, ո՛վ իմ ժողովուրդս եւ ձեզ Իսրայէլի երկիրը պիտի բերեմ։ 13Երբ ձեր գերեզմանները բանամ ու ձեզ ձեր գերեզմաններէն հանեմ, ո՛վ իմ ժողովուրդս, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 14Եւ իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք ու ձեր երկրին մէջ ձեզ պիտի հանգստացնեմ ու պիտի գիտնաք #37:14 Կամ, թէ ես եմ Տէրը. ես խօսեցայ ու պիտի կատարեմթէ ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու ըրի՝ ՝’»։
ՅՈՒԴԱՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ ՄԷԿ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
15Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 16«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի փայտ մը առ ու անոր վրայ գրէ՛. ‘Յուդային համար ու անոր ընկերներուն, Իսրայէլի որդիներուն համար’։ Ետքը ուրիշ փայտ մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛. ‘Յովսէփին համար, Եփրեմին ու անոր ընկերներուն բոլոր Իսրայէլի տանը փայտը’։ 17Զանոնք իրարու մօտեցուր, որպէս զի մէկ փայտ ըլլան ու քու ձեռքիդ մէջ միանան։ 18Երբ քու ժողովուրդիդ որդիները քեզի խօսին ու ըսեն՝ ‘Ի՞նչ պիտի ըլլան քեզի այս բաները. մեզի չե՞ս պատմեր’, 19Անոնց ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես պիտի առնեմ Յովսէփին փայտը, որ Եփրեմին ձեռքն է ու անոր ընկերները, Իսրայէլին ցեղերը եւ բոլորը մէկտեղ Յուդային փայտին հետ պիտի միացնեմ ու մէկ փայտ պիտի ընեմ ու իմ ձեռքիս մէջ մէկ պիտի ըլլան’։ 20Այն փայտերը, որոնց վրայ դուն պիտի գրես, անոնց աչքերուն առջեւ քու ձեռքիդ մէջ պահէ։ 21Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Իսրայէլի որդիները պիտի առնեմ այն ազգերուն մէջէն, ուր գացին։ Զանոնք ամէն կողմէ պիտի հաւաքեմ ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։ 22Զանոնք երկրին մէջ Իսրայէլի լեռներուն վրայ մէկ ազգ պիտի ընեմ ու անոնց ամենուն վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ ու անգամ մըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան ու երկու թագաւորութեան պիտի չբաժնուին։ 23Անգամ մըն ալ իրենց կուռքերովն ու գարշութիւններովը եւ իրենց բոլոր յանցանքներովը պիտի չպղծուին։ Ես զանոնք պիտի ազատեմ իրենց բոլոր անօրէնութիւններէն, որոնց մէջ իրենք մեղք գործեցին։ Զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ 24Անոնց վրայ իմ ծառաս Դաւիթը թագաւոր պիտի ըլլայ ու ամէնքը մէկ հովիւ պիտի ունենան։ Իմ հրամաններուս համաձայն պիտի քալեն, իմ օրէնքներս պիտի պահեն ու զանոնք պիտի կատարեն։ 25Պիտի բնակին այն երկրին մէջ որը իմ Յակոբ ծառայիս տուի, որուն մէջ ձեր հայրերը բնակեցան ու հոն իրենք ու իրենց որդիները եւ իրենց որդիներուն որդիները յաւիտեան պիտի բնակին ու իմ ծառաս Դաւիթը յաւիտեան անոնց իշխան պիտի ըլլայ։ 26Անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ պիտի ընեմ, որը անոնց յաւիտենական ուխտ պիտի ըլլայ։ Զանոնք պիտի տեղաւորեմ ու շատցնեմ եւ իմ սրբարանս անոնց մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան։ 27Իմ խորանս անոնց քով պիտի ըլլայ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ 28Իմ սրբարանս յաւիտեան անոնց մէջ ըլլալով ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, որ Իսրայէլը սրբեցի»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: