ԵԶԵԿԻԷԼԻ 28
28
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՏԻՒՐՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԴԷՄ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի իշխանին ըսէ թէ՝ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու սիրտդ հպարտացաւ ու ըսիր թէ «Ես աստուած մըն եմ, ես ծովուն մէջտեղը Աստուծոյ աթոռը կը նստիմ». սակայն դուն մարդ ես ու ո՛չ թէ աստուած, թէեւ քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր’. 3Ահա դուն Դանիէլէն իմաստուն ես, բնաւ գաղտնիք մը քեզմէ պահուած չէ։ 4Քու իմաստութիւնովդ ու հանճարովդ քեզի հարստութիւն ստացար եւ գանձերուդ մէջ ոսկի ու արծաթ հաւաքեցիր։ 5Իմաստութեամբ ու վաճառականութեամբ հարստութիւնդ շատցուցիր եւ քու հարստութեանդ պատճառով սիրտդ հպարտացաւ։
6Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր, 7Անոր համար ահա ես քու վրադ օտարներ, ազգերու բռնապետներ պիտի բերեմ։ Անոնք քու իմաստութեանդ գեղեցկութեանը վրայ սուրերնին պիտի քաշեն ու քու վայելչութիւնդ պիտի ապականեն։ 8Քեզ գուբը պիտի իջեցնեն ու ծովուն մէջտեղը վիրաւորներու մահովը պիտի մեռնիս։ 9Միթէ քեզ սպաննողներուն առջեւ պիտի կրնա՞ս ըսել թէ ‘Ես աստուած եմ’. դուն քեզ մեռցնողներուն ձեռքին մէջ մարդ պիտի ըլլաս ու ո՛չ թէ աստուած։ 10Օտարներուն ձեռքով՝ անթլփատներուն մահովը պիտի մեռնիս, քանզի ես խօսեցայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
ՏԻՒՐՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
11Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 12«Որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի թագաւորին վրայով ողբա՛ ու անոր ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն որ կատարելութեան կնիքն ես, իմաստութեամբ լեցուած ու գեղեցկութեան մէջ կատարեալ ես, 13Դուն Աստուծոյ դրախտին՝ Եդեմի՝ մէջ էիր, քու ծածկոցդ ամենէն պատուական քարերէն էին՝ սարդիոն, տպազիոն ու ադամանդ, ոսկեքար, եղնգնաքար եւ յասպիս, շափիւղայ, կարկեհան եւ զմրուխտ ու ոսկի։ Քու թմբուկներուդ ու սրինգներուդ գործը քու ստեղծման օրդ քեզի պատրաստուեցաւ, 14Դուն տարածուած ու ծածկող քերովբէ մըն էիր ու ես քեզ դրի։ Դուն Աստուծոյ սուրբ լերանը վրայ էիր, դուն հրեղէն քարերուն մէջտեղերը կը շրջէիր, 15Դուն ճամբաներուդ մէջ կատարեալ էիր, քու ստեղծուած օրէդ մինչեւ այն օրը, երբ քու վրադ անօրէնութիւն գտնուեցաւ։ 16Քու առուտուրիդ շատութեանը մէջ, բռնութեամբ լեցուեցար ու մեղք գործեցիր։ Ես ալ քեզ Աստուծոյ լեռնէն՝ իբրեւ պիղծ՝ վար նետեցի եւ քեզ, ո՛վ ծածկող քերովբէ, հրեղէն քարերուն մէջէն բնաջինջ ըրի։ 17Քու գեղեցկութեանդ համար սիրտդ հպարտացաւ, քու վայելչութեանդ պատճառով քու իմաստութիւնդ ապականեցիր։ Ես ալ գետինը նետեցի քեզ, թագաւորներուն առջեւ դրի, ազդարարութեան համար։ 18Քու խարդախ վաճառականութիւնովդ եւ անօրէնութիւններովդ քու սրբութիւններդ պղծեցիր։ Ես ալ քու մէջէդ կրակ հանեցի, անիկա քեզ կերաւ ու բոլոր քեզ տեսնողներուն աչքին առջեւ քեզ գետնի վրայ մոխիր ըրի։ 19Ազգերուն մէջ ամէն քեզ ճանչցողները տժգունեցան. դուն սոսկումի պատճառ եղար ու յաւիտեան ոչնչացար’»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՍԻԴՈՆԻՆ ԴԷՄ
20Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 21«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Սիդոնի կողմը դարձո՛ւր, անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ 22Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սիդոն եւ քու մէջդ պիտի փառաւորուիմ, երբ զայն պատժեմ եւ անոր մէջ սուրբ անուանուիմ։ 23Վասն զի անոր մէջ ժանտախտ ու անոր փողոցներուն մէջ արիւն պիտի ղրկեմ եւ շուրջը եղող սուրովը անոր մէջ վիրաւորներ պիտի իյնան ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 24Եւ Իսրայէլի տանը անգամ մըն ալ խայթող տատասկ ու ցաւցնող փուշ պիտի չըլլայ՝ իրենց բոլորտիքը եղող զիրենք նախատողներէն ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան’»։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՕՐՀՆՈՒԻ
25Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Երբ Իսրայէլի տունը հաւաքեմ այն ժողովուրդներէն՝ որոնց մէջ ցրուըուած են, այն ատեն անոնց մէջ ազգերու աչքերուն առջեւ սուրբ պիտի սեպուիմ ու անոնք պիտի բնակին իրենց երկրին մէջ, որ ես իմ Յակոբ ծառայիս տուի։ 26Անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու տուներ պիտի շինեն եւ այգիներ պիտի տնկեն։ Ես պիտի պատժեմ անոնց բոլորտիքը եղողները, որ զանոնք նախատեցին, իսկ իրենք ապահովութեամբ պիտի բնակին ու պիտի գիտնան թէ ես եմ իրենց Տէր Աստուածը»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 28: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: