ԵԶԵԿԻԷԼԻ 25
25
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԱՄՄՈՆԻՆ ԴԷՄ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Ամմոնի որդիներուն դարձուր ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ 3Եւ Ամմոնի որդիներուն ըսէ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն «Վա՜շ» ըսիր իմ սրբարանիս համար՝ երբ պղծուեցաւ ու Իսրայէլի երկրին համար՝ երբ աւերակ եղաւ եւ Յուդայի տանը համար՝ երբ գերութեան գնաց. 4Անոր համար ահա ես քեզ արեւելքի բնակիչներուն ժառանգութիւն պիտի տամ ու քու մէջդ իրենց գիւղերը պիտի հաստատեն ու քու մէջդ իրենց վրանները պիտի բանան, քու պտուղներդ պիտի ուտեն եւ քու կաթդ պիտի խմեն։ 5Ռաբբան՝ ուղտերու փարախ եւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը հօտերու մակաղատեղի պիտի ընեմ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։ 6Վասն զի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն ծափ զարկիր ու ոտքդ գետինը զարկիր ու Իսրայէլի երկրին վրայ քու հոգիիդ բոլոր արհամարհանքովը ուրախացար, 7Անոր համար ահա ես իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ եւ քեզ ժողովուրդներէն պիտի կտրեմ ու քեզ երկիրներուն մէջէն պիտի կորսնցնեմ. քեզ բնաջինջ պիտի ընեմ’։ Ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՄՈՎԱԲԻՆ ԴԷՄ
8Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Մովաբ ու Սէիր ինծի ըսին թէ ‘Ահա Յուդայի տունը բոլոր ազգերուն պէս է’, 9Անոր համար ահա ես Մովաբին սահմանը իր քաղաքներէն, իր ծայրը եղող քաղաքներէն, երկրին պարծանքը եղող Բեթեսիմօթի, Բէէլմօնի ու Կարիաթեմի կողմէն պիտի բանամ 10Արեւելքի բնակիչներուն, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն վրայ գան։ Այն երկիրը անոնց իբր ժառանգութիւն պիտի տամ, որպէս զի Ամմոնի որդիները ազգերուն մէջ չյիշուին։ 11Մովաբն ալ պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵԴՈՎՄԻՆ ԴԷՄ
12Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Եդովմ Յուդայի տունէն վրէժ առաւ եւ անկէ վրէժ առնելով մեծ յանցանք գործեց», 13Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Եդովմի վրայ անշուշտ ձեռքս պիտի երկնցնեմ եւ մարդն ու անասունը անկէ պիտի կոտորեմ եւ զանիկա անապատ պիտի ընեմ, Թեմանէն մինչեւ Դեդան սուրով պիտի իյնան’։ 14Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ձեռքով իմ վրէժխնդրութիւնս Եդովմին վրայ պիտի կատարեմ ու անոնք իմ սրտմտութեանս ու բարկութեանս համեմատ պիտի ընեն Եդովմի մէջ եւ իմ վրէժխնդրութիւնս պիտի ճանչնան’»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
15Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Փղշտացիները վրէժխնդրութեամբ վարուեցան ու հոգիի արհամարհանքով վրէժ առին՝ հին օրերու ատելութեամբ աւերելով’, 16Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ ձեռքս Փղշտացիներուն վրայ պիտի երկնցնեմ եւ Քերեթիները պիտի կոտորեմ ու ծովեզերքը եղողներուն մնացորդը բնաջինջ պիտի ընեմ 17Եւ անոնց վրայ իմ սրտմտութեանս յանդիմանութիւններովը մեծ վրէժխնդրութիւններ պիտի կատարեմ ու երբ իմ վրէժս անոնցմէ առնեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 25: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: