ԵԶԵԿԻԷԼԻ 1:4-9
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 1:4-9 WARMB
Տեսայ թէ հիւսիսային կողմէն մրրկալից հով, մեծ ամպ ու բռնկած կրակ կու գար, որուն բոլորտիքը պայծառութիւն կար ու կրակին մէջէն, ոսկեպղնձի նմանութիւն մը կ’երեւնար։ Անոր մէջ չորս կենդանիի կերպարանք կար։ Անոնց երեւոյթը այսպէս էր։ Անոնք մարդու կերպարանք ունէին։ Ամէն մէկը չորս երես եւ չորս թեւ ունէր։ Անոնց ոտքերը շիտակ ոտքեր էին։ Անոնց ոտքերուն թաթը զուարակի ոտքին թաթին պէս էր ու փայլուն պղնձի պէս կը փայլէին։ Անոնց չորս կողմերը անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքեր կային։ Չորսն ալ երեսներ ու թեւեր ունէին։ Անոնց թեւերը իրարու կցուած էին։ Անոնք երթալու ատեննին չէին դառնար։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։





