ԵԶԵԿԻԷԼԻ 1:10-11
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 1:10-11 WARMB
Անոնց երեսներուն ձեւը այսպէս էր։ Չորսն ալ մարդու երես ունէին։ Աջ կողմէն առիւծի երես, չորսն ալ ձախ կողմէն եզի երես, չորսն ալ արծիւի երես ունէին։ Անոնց երեսները այսպէս էին։ Անոնց թեւերը վերէն կը տարածուէին։ Երկուքը իրարու կցուած էին ու երկուքը անոնց մարմինը կը ծածկէին։





