ԵՍԹԵՐ 4:13-14
ԵՍԹԵՐ 4:13-14 WARMB
Մուրթքէ ըսաւ, որ Եսթերին այսպէս պատասխան տանին. «Դուն մի՛ կարծեր թէ թագաւորին տունը ըլլալովդ՝ բոլոր Հրեաներէն միայն դուն պիտի ազատիս։ Վասն զի այս ժամանակին մէջ եթէ դուն լռես, Հրեաներուն ուրիշ տեղէ մը օգնութիւն ու ազատում պիտի գայ, բայց դուն ու քու հօրդ տունը պիտի կորսուիք եւ ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար թագուհի եղար»։







