YouVersion Logo
Search Icon

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6

6
ԻՐԱՐՈՒ ԲԵՌ ԿՐԵՑԷՔ
1Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս։ 2Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք։ 3Քանզի եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ։ 4Բայց ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ։ 5Վասն զի ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ։
6Խօսքին աշակերտութիւն ընողը իր վարդապետը ամէն բարի բանի մասնակից ընէ։ 7Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ 8Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ։ 9Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։ 10Ուստի՝ քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն։
ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ ԵՒ ԲԱՐԵՒՆԵՐ
11Նայեցէ՛ք՝ ի՛նչպիսի գրերով գրեցի ձեզի իմ ձեռքովս։ 12Որոնք որ կ’ուզեն մարմնի կողմանէ բարի երեւնալ, անոնք ձեզ կը ստիպեն որ թլփատուիք, որպէս զի Քրիստոսին խաչին համար չհալածուին։ 13Քանզի անոնք ալ որ թլփատուած են, իրենք օրէնքը չեն պահեր, հապա կ’ուզեն որ դուք թլփատուիք, որպէս զի իրենք ձեր մարմնով պարծենան։ 14Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին։ 15Վասն զի Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը բան մըն է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա նոր ստեղծուած ըլլալն է բանը։ 16Ան ամէնը որ այս կանոնին համեմատ կը քալեն, խաղաղութիւն ու ողորմութիւն ըլլայ անոնց վրայ ու Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ։ 17Ասկէ յետոյ մէ՛կը զիս թող չյոգնեցնէ. վասն զի ես Տէր Յիսուսին վէրքին նշանները իմ մարմնիս վրայ կը կրեմ։ 18Եղբա՛յրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն։

Currently Selected:

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy