YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10

10
1Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը փափաքիմ ու կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ #10.1 Ոմանք, անոնքԻսրայէլը փրկէ։ 2Վասն զի ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար։ 3Վասն զի անոնք Աստուծոյ արդարութիւնը չճանչնալով՝ իրենց արդարութիւնը հաստատել ուզելով, Աստուծոյ արդարութեան չհնազանդեցան։ 4Քանզի օրէնքին վախճանը Քրիստոս է ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար։
ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ Է
5Վասն զի Մովսէս օրէնքէն եղած արդարութիւնը հաստատեց ըսելով. «Զանոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի»։ 6Բայց հաւատքէն եղած արդարութիւնը այսպէս կ’ըսէ. «Մի՛ ըսեր քու սրտիդ մէջ՝ ‘Ո՞վ պիտի ելլէ երկինք’, (այսինքն Քրիստոսը իջեցնելու). 7կամ թէ՝ ‘Ո՞վ պիտի իջնէ անդունդը’, (այսինքն Քրիստոսը մեռելներէն հանելու)»։ 8Հապա ի՞նչ կ’ըսէ. «Խօսքը մօտդ է, քու շրթունքիդ վրայ եւ քու սրտիդ մէջ է». (այսինքն հաւատքին խօսքը, որ մենք կը քարոզենք). 9վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս. 10(վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար)։ 11Քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ»։ 12Վասն զի խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է, որ առատութեամբ կը հասնի անոնց, որոնք իրեն կը կանչեն։ 13Քանզի «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։
14Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։ 15Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. «Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։ 16Բայց ամէնքը հնազանդ չեղան աւետարանին. քանզի Եսայի կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»։ 17Ուրեմն հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն։ 18Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ չլսեցի՞ն. մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։ 19Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ Իսրայէլ չգիտցա՞ւ»։ Առաջ Մովսէս կ’ըսէ. «Ես ձեզ պիտի գրգռեմ որ նախանձիք անպիտան ժողովուրդի մը ու անմիտ ազգով մը ձեզ պիտի բարկացնեմ»։ 20Բայց Եսային կը համարձակի ու կ’ըսէ. «Ես անոնցմէ գտնուեցայ՝ որոնք զիս չէին փնտռեր, յայտնի եղայ անոնց՝ որոնք զիս չէին հարցներ»։ 21Սակայն Իսրայէլի վրայով կ’ըսէ. «Բոլոր օրը իմ ձեռքերս երկնցուցի անհնազանդ ու հակառակող ժողովուրդի մը»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy