YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 6

6
ԿՆԻՔՆԵՐԸ
1Ապա տեսայ, երբ Գառնուկը #6.1 Ոմանք, եօթը կնիքներըկնիքներէն մէկը քակեց, չորս կենդանիներէն մէկէն որտումի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ 2Ու տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց։
3Ու երբ երկրորդ կնիքը քակեց, երկրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. «#6.3 Ոմանք, Եկուր ու տեսԵկուր»։ 4Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ։
5Երբ երրորդ կնիքը քակեց, երրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։ 6Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր»։
7Երբ չորրորդ կնիքը քակեց, չորրորդ կենդանիէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ 8Տեսայ դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մահ էր եւ Դժոխքը անոր ետեւէն կ’երթար ու անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ երկրին չորրորդ մասին վրայ, որ սրով ու սովով եւ մահով ու երկրի գազաններով սատկեցնեն։
9Երբ հինգերորդ կնիքը քակեց, սեղանին տակ տեսայ այն մարդոց հոգիները, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին համար ու անոր վկայութեանը համար՝ որ իրենք տուած էին։ 10Եւ մեծ ձայնով աղաղակեցին. «Ո՛վ սուրբ ու ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն»։ 11Ճերմակ հանդերձներ տրուեցան անոնց ու ըսուեցաւ անոնց, որ քիչ մը ատեն ալ հանգչին, մինչեւ անոնց ծառայակիցներն ու անոնց եղբայրները լման ըլլան՝ որոնք իրենց պէս պիտի սպաննուէին։
12Տեսայ, երբ վեցերորդ կնիքը քակեց, մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, արեւը սեւցաւ մազեղէն քուրձի մը պէս, լուսինը [բոլորովին] արիւնի պէս եղաւ 13ու երկնքի աստղերը գետինը թափթփեցան, ինչպէս սաստիկ հովէն շարժուած թզենին իր տհաս պտուղները կը թափէ 14եւ երկինք գալարուող տոմսի մը պէս կը քաշուէր ու բոլոր լեռները եւ կղզիները իրենց տեղերէն շարժեցան։ 15Երկրին թագաւորները եւ մեծամեծներն ու հարուստները, հազարապետները եւ զօրաւորներն ու բոլոր ծառաներն ու բոլոր ազատները քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներուն մէջ պահուըտեցան 16եւ լեռներուն ու ապառաժներուն կ’ըսէին. «Մեր վրա՛յ ինկէք ու մեզ ծածկեցէ՛ք անոր երեսէն՝ որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին բարկութենէն։ 17Վասն զի անոր բարկութեանը մեծ օրը եկաւ եւ ո՞վ կրնայ դիմանալ»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy