YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 19

19
ՅԻՍՈՒՍ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մարկ. 10.1-12)
1Ու երբ Յիսուս այս խօսքերը լմնցուց, Գալիլիայէն ելաւ ու գնաց Հրէաստանի սահմանները՝ Յորդանանու անդիի կողմը։ 2Անոր ետեւէն շատ ժողովուրդ գնաց։ Հոն շատեր բժշկեց։
3Փարիսեցիները անոր մօտենալով՝ զանիկա փորձեցին ու հարցուցին. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար»։ 4Անիկա ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք», ու աւելցուց. 5«Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ 6Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։ 7Ըսին իրեն. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց արձակման թուղթ տալ եւ արձակել»։ 8Ըսաւ անոնց. «Մովսէս ձեր սրտերուն կարծրութեանը համար ձեզի հրաման տուաւ կիներնիդ արձակել, բայց սկիզբէն այնպէս չէր։ 9Սակայն ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ։ Եւ ով որ արձակուածը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’»։ 10Իր աշակերտները ըսին իրեն. «Եթէ այդպիսի բան կայ էրկան ու կնոջ մէջտեղ, չամուսնանալը աւելի աղէկ է»։ 11Ինք անոնց ըսաւ. «Ամենուն չի յարմարիր ատիկա, հապա անոնց՝ որոնց տրուած է։ 12Վասն զի կան ներքինիներ՝ որոնք իրենց մօրը որովայնէն այնպէս ծնան եւ կան ներքինիներ՝ որոնք մարդոցմէ ներքինի եղան եւ կան ներքինիներ որոնք ինքզինքնին ներքինի ըրին երկնքի թագաւորութեանը համար։ Ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի»։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ Կ’ՕՐՀՆԷ
(Մարկ. 10.13-16, Ղուկ. 18.15-17)
13Այն ատեն մանր տղաք բերուեցան իրեն, որպէս զի անոնց վրայ ձեռք դնէ եւ աղօթք ընէ, իսկ աշակերտները կը յանդիմանէին զանոնք։ 14Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուէք այդ մանր տղոցը եւ մի արգիլէք ատոնք ինծի գալէն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։ 15Անոնց վրայ ձեռք դնելէ յետոյ գնաց անկէ։
ՀԱՐՈՒՍՏ ՊԱՏԱՆԻՆ
(Մարկ. 10.17-31, Ղուկ. 18.18-30)
16Մէկը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ բարի գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ընդունիմ» 17անիկա ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։ 18Պատանին հարցուց. «Որո՞նք»։ Յիսուս ըսաւ. «Ասոնք. սպանութիւն մի ըներ, շնութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, 19քու հայրդ ու մայրդ պատուէ եւ քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ»։ 20Պատանին ըսաւ. «Ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ. ալ ի՞նչ բան կը պակսի»։ 21Յիսուս ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ 22Երբ պատանին այս խօսքը լսեց՝ տրտմած գնաց, վասն զի շատ ստացուածք ունէր։
23Այն ատեն Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը»։ 24Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. «Դիւրին է որ #19.24 Ոմանք, պարանըուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ 25Աշակերտները երբ լսեցին, շատ զարմացան ու ըսին. «Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ 26Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։
27Այն ատեն Պետրոս խօսեցաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ 28Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ դուք որ իմ ետեւէս եկաք, #19.28 Յուն., վերստին ծննդեան մէջմիւս անգամ գալուստին երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու։ 29Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։ 30Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին»։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 19: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy