YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 12

12
ՇԱԲԱԹԻՆ ՀԱՐՑԸ
(Մարկ. 2.23-28, Ղուկ. 6.1-5)
1Յիսուս Շաբաթ օր մը կ’երթար արտերուն մէջէն, երբ իր աշակերտները անօթեցան, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել եւ ուտել։ 2Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր. «Ահա քու աշակերտներդ կը գործեն, մինչդեռ արտօնուած չէ Շաբաթ օրը գործել»։ 3Ան ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը։ Երբ անօթեցան ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին. 4մտաւ Աստուծոյ տունը եւ առաջաւորութեան հացերը կերաւ, որ ո՛չ իրեն օրինաւոր էր ուտել եւ ո՛չ անոնց որ իրեն հետ էին, բայց միայն քահանաներուն։ 5Կամ թէ օրէնքին մէջ չէ՞ք կարդացեր, որ քահանաները Շաբաթ օրերը տաճարին մէջ Շաբաթը կը պղծեն ու անմեղ են։ 6Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ այստեղ տաճարէն մեծ մէկը կայ։ 7Եթէ գիտնայիք թէ ի՛նչ ըսել է ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ ու ո՛չ թէ զոհ’, այն ատեն անպարտները չէիք դատապարտեր. 8քանզի Որդին մարդոյ #12.8 Ոմանք, շաբաթին ալՇաբաթին տէրն է»։
ՉՈՐՑԱԾ ՁԵՌՔՈՎ ՄԱՐԴԸ
(Մարկ. 3.1-6, Ղուկ. 6.6-11)
9Անկէ երթալով՝ գնաց անոնց ժողովարանը։ 10Հոն մարդ մը կար, որուն ձեռքը չորցած էր։ Հարցուցին անոր. «Շաբաթ օրը բժշկել արժա՞ն է», որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։ 11Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ, որ ոչխար մը ունենայ եւ անիկա Շաբաթ օրը փոսի մէջ իյնայ, չի բռներ ու վեր հաներ զանիկա։ 12Արդ՝ ո՜րչափ աւելի է մարդը ոչխարէն։ Ուրեմն Շաբաթ օրը բարի գործել արժան է»։ 13Այն ատեն ըսաւ այն մարդուն. «Երկնցուր ձեռքդ»։ Ան ալ երկնցուց ու ողջնցաւ միւսին պէս։ 14Իսկ Փարիսեցիները դուրս ելլելով՝ անոր վրայով խորհուրդ կ’ընէին թէ ի՞նչպէս զանիկա կորսնցնեն։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԾԱՌԱՆ
15Յիսուս երբ գիտցաւ, դատուեցաւ անկէ եւ շատ ժողովուրդ անոր ետեւէն գացին ու ամէնքը բժշկեց, 16բայց սաստիկ պատուիրեց անոնց, որ զինք մարդո՛ւ չյայտնեն. 17որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէի միջոցով ըսուած խօսքը. 18«Ահա իմ ծառաս, զոր ընտրեցի եւ իմ սիրելիս, որուն հաւնեցաւ իմ անձս. իմ Հոգիս անոր վրայ պիտի դնեմ ու հեթանոսներուն իրաւունք պիտի տայ։ 19Ո՛չ պիտի վիճի եւ ո՛չ պիտի աղաղակէ եւ ո՛չ մէկը պիտի լսէ անոր ձայնը հրապարակներուն մէջ։ 20Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, մինչեւ արդարութիւնը յաղթանակի հասցնէ։ 21Եւ հեթանոսները անոր անունը պիտի յուսան»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԲԷԵՂԶԵԲՈՒՂԸ
(Մարկ. 3.20-30, Ղուկ. 11.14-23)
22Այն ատեն կոյր ու համր դիւահար մը բերին իրեն եւ զանիկա բժշկեց, այնպէս որ համր ու կոյրը խօսեցաւ ու տեսաւ։ 23Բոլոր ժողովուրդը զարմացած կ’ըսէին. «Արդեօք ասիկա՞ է Դաւիթին որդին»։ 24Բայց Փարիսեցիները երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա ուրիշ բանով չի հաներ դեւերը, բայց դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանովը»։ 25Յիսուս անոնց խորհուրդները իմանալով ըսաւ անոնց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն մէջ բաժնուած կ’աւերի. եւ ամէն քաղաք կամ տուն իրեն դէմ բաժնուած՝ չի կրնար կենալ։ 26Եթէ Սատանան Սատանայ հանէ, իրեն դէմ բաժնուեցաւ. ուստի ի՞նչպէս պիտի կենայ անոր թագաւորութիւնը։ 27Ու եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդիները ինչո՞վ կը հանեն. ուրեմն անոնք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։ 28Բայց եթէ ես Աստուծոյ Հոգիովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է։ 29Կամ ի՞նչպէս կրնայ մէկը զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ այն զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։ 30Ան որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր, ցիրուցան կ’ընէ։ 31Անոր համար ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն մեղք ու հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց’։ 32Ով որ Որդի մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ ըսէ, պիտի չներուի անոր, ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ գալու աշխարհ ին մէջ»։
ԾԱՌ ՄԸ ԵՒ ԻՐ ՊՏՈՒՂԸ
(Ղուկ. 6.43-45)
33 «Կամ ծառը բարի ըրէք ու անոր պտուղը բարի, կա՛մ ծառը չար ըրէք ու անոր պտուղը չար. վասն զի ծառը պտուղէն կը ճանչցուի։ 34Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք բարի խօսիլ, որ չար էք. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի։ 35Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարի բաներ կը հանէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չար բաներ կը հանէ։ 36Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ ‘Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան’։ 37Վասն զի քու խօսքերէդ պիտի արդարանաս եւ քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս»։
ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ
(Մարկ. 8.11-12, Ղուկ. 11.29-32)
38Այն ատեն դպիրներէն ու Փարիսեցիներէն ոմանք իրեն ըսին. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք քեզմէ նշան մը տեսնել»։ 39Անիկա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Չար եւ շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ 40Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր։ 41Նինուէի մարդիկը դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանի քարոզութիւնովը զղջացին։ Ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս։ 42Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասիկա, վասն զի ինք երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս»։
ՉԱՐ ՈԳԻԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
(Ղուկ. 11.24-26)
43 «Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղերը պտըտի՝ հանգստութիւն փնտռէ ու չգտնէ. 44այն ատեն կ’ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս, ուրկէ ելայ’։ Կու գայ զանիկա կը գտնէ պարապ, մաքրուած ու յարդարուած։ 45Այն ատեն կ’երթայ եւ իրեն հետ կ’առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ իրմէ աւելի չար ու մտնելով հոն կը բնակին։ Այն մարդուն վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։ Այսպէս պիտի ըլլայ այս չար ազգին ալ»։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
(Մարկ. 3.31-35, Ղուկ. 8.19-21)
46Մինչ ինք ժողովուրդին կը խօսէր, իր մայրը ու եղբայրները դուրսը կայներ էին եւ կ’ուզէին իրեն հետ խօսիլ։ 47Մէկը իրեն ըսաւ. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ կ՛ուզեն քեզի հետ խօսիլ»։ 48Ան ալ իրեն ըսողին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է իմ մայրս եւ որո՞նք են իմ եղբայրներս»։ 49Եւ իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները երկնցնելով՝ ըսաւ. «Ահա իմ մայրս եւ իմ եղբայրներս. 50վասն զի ով որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 12: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy