YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 11

11
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ
(Ղուկ. 7.18-35)
1Երբ Յիսուս լմնցուց իր տասներկու աշակերտներուն պատուէր տալը, գնաց անոնց քաղաքներուն մէջ քարոզելու եւ սորվեցնելու։
2Յովհաննէս բանտին մէջ երբ լսեց Քրիստոսի գործերը, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկելով՝ հարցուց անոր. 3«Դուն ա՞ն ես, որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։ 4Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք պատմեցէք Յովհաննէսին ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. 5կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն ու աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։ 6Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։
7Երբ անոնք գացին, Յիսուս սկսաւ ժողովուրդին ըսել Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։ 8Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը. ահա փափուկ հանդերձներ հագնողները թագաւորներուն տուներն են։ 9Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. մարգարէ՞։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, մարգարէէ մըն ալ աւելի։ 10Վասն զի ասիկա է՝ որու համար գրուած է. ‘Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պիտի պատրաստէ քու առջեւէդ’։ 11Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ. սակայն երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է։ 12Ու Յովհաննէս Մկրտչին օրերէն մինչեւ հիմա երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա։ 13Վասն զի բոլոր մարգարէները ու օրէնքը մինչեւ Յովհաննէս՝ մարգարէութիւն ըրին։ 14Եթէ կ’ուզէք ընդունիլ, անիկա է Եղիան՝ որ պիտի գար։ 15Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ։ 16Բայց որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգը։ Կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրենց ընկերներուն կը կանչեն, 17ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի՝ ու կոծ չըրիք’։ 18Վասն զի Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ 19Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ’։ Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն»։
ԱՆՀԱՒԱՏ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ
(Ղուկ. 10.13-15)
20Այն ատեն սկսաւ նախատել այն քաղաքները, որոնց մէջ կատարեր էր իր հրաշքներէն շատերը, քանզի չապաշխարեցին. 21«Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք ձեր մէջ եղան, շատոնցմէ քուրձով ու մոխիրով ապաշխարած պիտի ըլլային։ 22Բայց ձեզի կ’ըսեմ, Տիւրոսի եւ Սիդոնի աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան թէ ձեզի։ 23Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես, վասն զի եթէ Սոդոմի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք քու մէջդ եղան, իրաւ որ մինչեւ այսօր դեռ պիտի մնար։ 24Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան քեզի»։
ԵԿԷՔ ԻՆԾԻ ԵՒ ՀԱՆԳՉԵՑԷՔ
(Ղուկ. 10.21-22)
25Նոյն ժամանակ Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։ 26Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։ 27Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը եւ մէ՛կը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել։ 28Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ 29Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. 30վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 11: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy