YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 8:40-56

ՂՈԻԿԱՍ 8:40-56 WA2017

Երբ Յիսուս ետ դարձաւ, ժողովուրդը զանիկա ընդունեց, վասն զի ամէնքը իրեն կը սպասէին։ Ահա Յայրոս անունով մարդ մը եկաւ, որ ժողովարանին իշխանն էր, Յիսուսին ոտքը իյնալով կ’աղաչէր անոր որ իր տունը մտնէ, վասն զի մէկ հատիկ աղջիկ մը ունէր, գրեթէ տասներկու տարեկան, որ մեռնելու մօտ էր։ Երբ Յիսուս կ’երթար, բազմութիւնը կը նեղէր զինք։ Կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր ու իր բոլոր ունեցածը բժիշկներուն ծախսած էր բայց ոչ մէկէն բժշկուելու ճար մը գտած էր, ետեւէն մօտենալով՝ անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ եւ իսկոյն իր արիւնին հոսումը դադրեցաւ։ Եւ Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ էր ան որ ինծի դպաւ»։ Երբ ամէնքը կ’ուրանային, ըսին Պետրոս ու իրեն հետ եղողները. «Վարդապետ, բազմութիւնը քեզ կը հրէ ու կը նեղէ ու կ’ըսես թէ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը ինծի դպաւ, քանզի իմացայ որ ինծմէ զօրութիւն մը ելաւ»։ Կինը երբ տեսաւ թէ բանը անկէ չծածկուեցաւ, դողալով եկաւ ու անոր առջեւ ինկաւ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անոր պատմեց թէ ի՛նչ բանի համար անոր դպեր էր եւ թէ ի՛նչպէս ինք իսկոյն բժշկուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Գնա խաղաղութեամբ»։ Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ ու ըսաւ. «Աղջիկդ մեռաւ, ա՛լ վարդապետը մի յոգնեցներ»։ Բայց Յիսուս երբ լսեց ատիկա, ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա ու պիտի ապրի»։ Երբ տունը մտաւ, ուրիշ մէ՛կը թող չտուաւ որ մտնէ, բայց միայն Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու աղջկան հայրն ու մայրը։ Ամէնքն ալ կու լային ու կ’ողբային անոր վրայ. եւ ինք ըսաւ. «Մի՛ լաք, անիկա մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ Անոնք ծաղր կ’ընէին զանիկա, քանզի գիտէին թէ մեռաւ։ Ինք ամէնքն ալ դուրս հանելով՝ բռնեց աղջկան ձեռքէն ու կանչեց՝ ըսելով. «Աղջի՛կ, ելիր»։ Անոր հոգին դարձաւ ու իսկոյն ոտքի ելաւ։ Յիսուս հրաման ըրաւ, որ ուտելիք տան անոր։ Անոր ծնողքը ապշած մնացին։ Յիսուս անոնց պատուիրեց, որ եղածը մարդո՛ւ չըսեն։

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy