YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 2

2
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ
(Մատթ. 1.18-25)
1Այն օրերը Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի։ 2(Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ Կիւրենոսի Սիւրիոյ վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը)։ 3Ամէնքը կ’երթային աշխարհագիրը մտնելու՝ ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ։ 4Յովսէփ ալ Գալիլիայէն, Նազարէթ քաղաքէն, ելաւ դէպի Հրէաստան, Դաւիթին քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, (ինք Դաւիթին տունէն ու ազգատոհմէն ըլլալուն համար), 5աշխարհագիրը մտնելու Մարիամին հետ մէկտեղ, որ իր նշանածն էր եւ յղի էր։ 6Երբ անոնք հոն էին, անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, 7իր անդրանիկ որդին ծնաւ ու խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար։
ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ ԵՒ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ
8Այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին։ 9Ահա Տէրոջը հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ ու Տէրոջը փառքը անոնց բոլորտիքը ծագեցաւ ու խիստ շատ վախցան։ 10Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։ 11Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է։ 12Եւ այս ձեզի նշան մը ըլլայ՝ մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»։ 13Իսկոյն այն հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կ’օրհնէին ու կ’ըսէին. 14«Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։ 15Երբ հրեշտակները անոնցմէ երկինք վերցուեցան, հովիւները իրարու ըսին. «Եկէք մինչեւ Բեթլեհէմ երթանք ու տեսնենք թէ ի՞նչ է այս եղած բանը, որ Տէրը մեզի ցուցուց»։ 16Գացին արտորալով եւ գտան Մարիամը ու Յովսէփը եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը։ 17Երբ տեսան, իմացուցին այն խօսքերը որ այս մանուկին համար իրենց ըսուեցաւ։ 18Ամէնքը որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ, որոնք հովիւները իրենց կ’ըսէին։ 19Բայց Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր։ 20Հովիւները դարձան, փառաւորեցին ու օրհնեցին Աստուած այն ամէն բաներուն համար, որոնք լսեցին ու տեսան, ինչպէս իրենց ըսուած էր։
21Երբ ութ օրերը լման եղան #2.21 Ոմանք, զանիկամանուկը տարին թլփատելու։ Անոր անունը Յիսուս դրուեցաւ, որ հրեշտակէն կոչուած էր՝ դեռ ինք մօրը որովայնին մէջ չյղացած։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
22Մովսէսին օրէնքին համեմատ երբ #2.22 Ոմանք, անորանոնց մաքրութեան օրերը լմնցան, Երուսաղէմ տարին զանիկա Տէրոջը առջեւ հանելու, 23(ինչպէս գրուած է Տէրոջը օրէնքին մէջ, թէ՝ «Ամէն արու որ արգանդ կը բանայ՝ Տէրոջը սուրբ ըսուի»), 24Տէրոջը օրէնքին մէջ ըսուածին պէս ընծայ տալու՝ զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ։ 25Այն ատեն Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէոն էր. անիկա արդար ու աստուածավախ էր։ Իսրայէլի մխիթարութեանը կը սպասէր ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր։ 26Անոր յայտնուած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէ, մինչեւ Տէրոջը Օծեալը տեսնէ։ 27Ան ալ Հոգիով տաճարը եկաւ։ Ու երբ ծնողքը բերին Յիսուս մանուկը, որպէս զի օրէնքին սովորութեանը պէս անոր համար ընեն, 28ինքն ալ զանիկա իր գիրկն առաւ եւ օրհնեց Աստուած ու ըսաւ. 29«Ալ հիմա, ո՛վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. 30վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ 31որ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր, 32լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ»։ 33Յովսէփ ու անոր մայրը զարմացած էին այն բաներուն վրայ՝ որոնք անոր համար կը խօսուէին։ 34Սիմէոն օրհնեց զանոնք եւ անոր մօրը Մարիամին ըսաւ. «Ահա այս մանուկը Իսրալէլի մէջ շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար ու հակառակութեան նշան մը ըլլալու համար կեցած է. 35(եւ քու սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի). որպէս զի այսպէս շատ սրտերէ խորհուրդներ յայտնուին»։
36 Հոն էր Աննա մարգարէն, Փանուէլին աղջիկը, Ասերի ցեղէն. ասիկա իր օրերը անցուցած էր, էրկանը հետ եօթը տարի կենալով իր կուսութեան ժամանակէն 37եւ որբեւարի էր գրեթէ ութսունըչորս տարեկան ու տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ։ 38Ասիկա նոյն ժամուն եկաւ ու Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին։
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՆԱԶԱՐԷԹ
39Երբ ամէն բան կատարեցին Տէրոջը օրէնքին համեմատ, նորէն Գալիլիա դարձան, իրենց Նազարէթ քաղաքը։ 40Մանուկը կը մեծնար ու հոգիով կը զօրանար իմաստութիւնով լեցուած ու Աստուծոյ շնորհքը անոր վրայ էր։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
41Անոր ծնողքը ամէն տարի Զատկի տօնին Երուսաղէմ կ’երթային։ 42Ու երբ անիկա տասներկու տարեկան եղաւ, տօնին սովորութեանը պէս անոնք Երուսաղէմ գացին։ 43Երբ օրերը լմնցուցին ու նորէն ետ դարձան, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց։ Բայց Յովսէփ ու անոր մայրը չէին գիտեր, 44հապա կարծելով թէ անիկա ճամբորդներուն հետ է, մէկ օրուան ճամբայ գացին, յետոյ սկսան փնտռել զանիկա իրենց ազգականներուն եւ ճանչուորներուն մէջ։ 45Երբ չգտան, նորէն Երուսաղէմ դարձան զանիկա փնտռելու։ 46Երեք օրէն ետքը տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր։ 47Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ։ 48Երբ տեսան զանիկա, ապշած մնացին։ Մայրը ըսաւ անոր. «Ո՛րդեակ, ինչո՞ւ համար մեզի այդպէս ըրիր. ահա քու հայրդ ու ես խիստ վշտացած քեզ կը փնտռէինք»։ 49Յիսուս ըսաւ անոնց. «Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս #2.49 Կամ, գործերուն մէջտունը ըլլամ»։
50Անոնք չհասկցան այն խօսքը որ իրենց ըսուեցաւ։ 51Եւ իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ եւ անոնց հնազանդ էր. բայց անոր մայրը այս բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր։
52Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով։

Currently Selected:

ՂՈԻԿԱՍ 2: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy