YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 15

15
ՅԻՍՈՒՍ ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՐԹԸ
1 «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը եւ իմ Հայրս մշակն է։ 2Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ 3Դուք հիմա մաքուր էք այն խօսքով որ ձեզի խօսեր եմ։ 4Իմ մէջս կեցէք ու ես ձեր մէջ։ Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթատունկին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար ՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։ 5Ես որթատունկն եմ ու դուք ճիւղերն էք։ Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել։ 6Եթէ մէկը իմ վրաս հաստատուած չէ, անիկա ճիւղի մը պէս դուրս ձգուած ու չորցած է եւ կը ժողվեն զանոնք ու կրակը կը նետեն ու կ’այրեն։ 7Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի։ 8Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք»։
9 «Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք։ 10Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ։ 11Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ մնայ ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ։ 12Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ 13Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ 14Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ։ 15Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասն զի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի։ 16Ո՛չ թէ դուք զիս ընտրեցիք, հապա ե՛ս ձեզ ընտրեցի ու դրի ձեզ որպէս զի դուք երթաք եւ պտուղ բերէք ու ձեր պտուղը մնայ, որպէս զի իմ անունովս ինչ որ Հօրմէս խնդրէք, ձեզի տայ։ 17Ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք»։
ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
18 «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ 19Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ։ 20Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ’։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձե՛րն ալ պիտի պահեն։ 21Բայց այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա որ զիս ղրկեց։ 22Եթէ ես եկած եւ անոնց խօսած չըլլայի, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա իրենց մեղքին պատճառանք մը չունին։ 23Ան որ զիս կ’ատէ, իմ Հայրս ալ կ’ատէ։ 24Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ։ 25Սակայն այս եղաւ որպէս զի կատարուի այն խօսքը, որ իրենց օրէնքին մէջ գրուած է, թէ՝ ‘Զուր տեղը զիս ատեցին’։ 26Բայց երբ Մխիթարիչը գայ, որ ես Հօրմէն ձեզի պիտի ղրկեմ, ճշմարտութեան Հոգին՝ որ Հօրմէն կ’ելլէ, անիկա ինծի համար պիտի վկայէ։ 27Եւ դուք ալ կը վկայէք, վասն զի սկիզբէն ի վեր ինծի հետ էք»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy