YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1

1
ԿԵԱՆՔԻՆ ԲԱՆԸ
1Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ 2Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր։ 3Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։ 4Կեանքը անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր 5եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա չճանչցաւ։
6Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար, որուն անունը Յովհաննէս էր։ 7Ասիկա վկայութեան համար եկաւ որպէս զի Լոյսին համար վկայէ, որպէս զի ամէնքը անոր միջոցով հաւատան։ 8Ինք չէր այն Լոյսը, հապա եկաւ որպէս զի Լոյսին համար վկայէ։
9Ճշմարիտ Լոյսը ան է, որ աշխարհ #1.9 Կամ, գալովեկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ։ 10Ինք աշխարհի մէջ էր եւ աշխարհ անով եղաւ, բայց աշխարհ զանիկա չճանչցաւ։ 11Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին։ 12Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անուանը. 13որոնք ո՛չ արիւնէ եւ ո՛չ մարմնի կամքէ, ո՛չ ալ մարդու կամքէ, հապա Աստուծմէ ծնան։ 14Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս), շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն։
15Յովհաննէս վկայեց անոր համար եւ աղաղակեց ըսելով. «Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, ինծմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինծմէ առաջ էր’։ 16Եւ անոր լեցունութենէն մենք ամէնքս շնորհք առինք շնորհքի տեղ։ 17Վասն զի օրէնքը Մովսէսին ձեռքով տրուեցաւ, բայց շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եղան։ 18Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ, բայց միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է, անիկա պատմեց»։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 3.1-12, Մարկ. 1.1-8, Ղուկ. 3.1-18)
19Յովհաննէսին վկայութիւնը այս է երբ Հրեաները Երուսաղէմէն քահանաներ ու Ղեւտացիներ ղրկեցին, որպէս զի հարցնեն անոր թէ «Դուն ո՞վ ես»։ 20Եւ անիկա խոստովանեցաւ ու չուրացաւ. խոստովանեցաւ թէ «Ես Քրիստոսը չեմ»։ 21Ու հարցուցին անոր. «Հապա ո՞վ. Եղիա՞ն ես»։ Ըսաւ. «Չեմ»։ «Այն մարգարէ՞ն ես»։ Պատասխան տուաւ թէ՝ «Ո՛չ»։ 22Այն ատեն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես. ըսէ՛ մեզի, որպէս զի պատասխան տանինք մեզի ղրկողներուն. դուն ի՞նչ կ’ըսես քեզի համար»։ 23Ըսաւ. «Ես անոր ձայնն եմ, որ անապատին մէջ կը կանչէ. ‘Շտկեցէք Տէրոջը ճամբան’, ինչպէս Եսայի մարգարէն ըսաւ»։ 24Այն ղրկուածները Փարիսեցիներէն էին. 25հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Հապա ինչո՞ւ մկրտութիւն կ’ընես, եթէ դուն Քրիստոսը չես ու ո՛չ Եղիան եւ ո՛չ մարգարէն»։ 26Պատասխան տուաւ անոնց Յովհաննէս ու ըսաւ. «Ես ջրով կը մկրտեմ, բայց ձեր մէջ մէկը կայ, որ դուք չէք ճանչնար. 27անիկա է իմ ետեւէս եկողը, որ ինծմէ առաջ եղաւ, որուն կօշիկին կապը քակելու արժանի չեմ ես»։ 28Այս բաները Բեթաբարայի մէջ եղան Յորդանանի անդիի կողմը, ուր Յովհաննէս կը կենար ու կը մկրտէր։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԱՌԸ
29Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար եւ ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ։ 30Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Իմ ետեւէս մարդ մը կու գայ, որ ինծմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինծմէ առաջ էր’։ 31Ու ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց անոր համար ես եկայ ջրով մկրտելու, որպէս զի անիկա Իսրայէլին յայտնուի»։ 32Եւ Յովհաննէս վկայութիւն տուաւ ըսելով՝ թէ «Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու անոր վրայ կը հանգչէր։ 33Եւ ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց ան որ զիս ղրկեց ջրով մկրտելու, ինք ըսաւ ինծի. ‘Որու վրայ տեսնես, որ Հոգին կ’իջնէ ու կը հանգչի անոր վրայ, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով կը մկրտէ’։ 34Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
35Հետեւեալ օրը Յովհաննէս դարձեալ կայներ էր երկու աշակերտներու հետ։ 36Նայելով Յիսուսին կողմը, որ կը պտըտէր, ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։ 37Այս լսելով երկու աշակերտները գացին Յիսուսին ետեւէն։ 38Յիսուս երբ դարձաւ ու տեսաւ զանոնք որ իր ետեւէն կու գային, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ’ուզէք»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Ռա՛բբի, (որ թարգմանուելով վարդապետ ըսել է), ո՞ւր է քու օթեւանդ»։ 39Ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք»։ Գացին ու տեսան, ուր որ էր իր օթեւանը։ Այն օրը անոր քով կեցան. վասն զի ժամը տասնի ատեններն էր։ 40Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս այն երկուքէն մէկն էր, որոնք լսեցին Յովհաննէսէն եւ անոր ետեւէն գացին։ 41Անիկա նախ իր Սիմոն եղբայրը կը գտնէ եւ կ’ըսէ անոր. «Գտանք Մեսիան», (որ #1.41 Այսինքն, օծեալՔրիստոս կը թարգմանուի). 42ու տարաւ զանիկա Յիսուսին քով։ Յիսուս անոր նայելով՝ ըսաւ. «Դուն ես Յովնանի որդին Սիմոնը, դուն Կեփաս պիտի կոչուիս, որ #1.42 Այսինքն, վէմՊետրոս կը թարգմանուի»։
ՅԻՍՈՒՍ ՓԻԼԻՊՊՈՍԸ ԵՒ ՆԱԹԱՆԱՅԷԼԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
43Հետեւեալ օրը Յիսուս Գալիլիա երթալ ուզեց եւ Փիլիպպոսը գտնելով՝ ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։ 44Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր. Անդրէասին ու Պետրոսին քաղաքէն։ 45Փիլիպպոս կը գտնէ Նաթանայէլը եւ կ’ըսէ անոր. «Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին»։ 46Ու Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։ Ըսաւ անոր Փիլիպպոս. «Եկուր ու տես»։ 47Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր համար. «Ահա իրաւցնէ Իսրայէլացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։ 48Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դեռ Փիլիպպոս քեզ չկանչած, դուն որ թզենիին տակն էիր, ես քեզ տեսայ»։ 49Պատասխան տուաւ Նաթանայէլ ու ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը»։ 50Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ անոր. «Անո՞ր համար՝ որ քեզի ըսի թէ քեզ թզենիին տակ տեսայ, կը հաւատաս։ Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես»։ 51Ու ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որ կ’ելլեն ու կ’իջնեն Որդի մարդոյ վրայ’»։

Currently Selected:

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy