YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10

10
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԿՈՒՌՔԵՐԷ
1Չեմ ուզեր որ չգիտցողի պէս ըլլաք, եղբա՛յրներ, որ մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին տակ էին ու ամէնքն ալ ծովէն անցան 2եւ ամէնքն ալ Մովսէսով մկրտուեցան ամպին ու ծովին մէջ 3եւ ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր կերակուրը կերան 4ու ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր խմելիքը խմեցին, վասն զի կը խմէին այն հոգեւոր վէմէն, որ անոնց հետ կ’երթար ու այն վէմը Քրիստոսն էր։ 5Բայց անոնցմէ շատերուն չհաւնեցաւ Աստուած, ատոր համար անապատին մէջ փռուած ինկան։ 6Ու այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին։ 7Ոչ ալ կռապաշտ ըլլանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ Ինչպէս գրուած է. «Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու ու ելան խաղալու»։ 8Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան։ 9Քրիստոսը չփորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին ու օձերէն խայթուելով մեռան։ 10Եւ մի՛ տրտնջէք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին ու սատակիչէն ջարդուեցան։ 11Բայց այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։ 12Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։ 13Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։
14Անոր համար, իմ սիրելիներս, կռապաշտութենէ փախէք։ 15Որպէս թէ իմաստուններու հետ կը խօսիմ. դուք դատեցէք ինչ որ կ’ըսեմ։ 16Օրհնութեան գաւաթը՝ որ մենք կ’օրհնենք չէ՞ որ Քրիստոսին արեան հաղորդութիւնն է. հացը որ մենք կը կտրենք, չէ՞ որ Քրիստոսին մարմնին հաղորդութիւնն է։ 17Քանզի մենք շատերս մէկ հաց մէկ մարմին ենք, վասն զի ամէնքս ալ այդ մէկ հացէն կը վայելենք։ 18Նայեցէք մարմնաւոր Իսրայէլին։ Չէ՞ որ զոհուածներ ուտողները անոնց սեղանին հաղորդակից կ’ըլլան։ 19Ուրեմն ի՞նչ ըսեմ. կուռքը բա՞ն մըն է, կամ կուռքերու զոհուածը բա՞ն մըն է։ 20Բայց այս կ’ըսեմ թէ՝ այն բաները որոնք հեթանոսները զոհ կ’ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ ու չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից ըլլաք. չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը. 21չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն։ 22Նախանձի՞ գրգռնեք Տէրը. միթէ մենք անկէ զօրաւո՞ր ենք։
23Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան՝ օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ։ 24Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ։ 25Ամէն ինչ որ սպանդանոցին մէջ կը ծախուի՝ կերէք ու քննութիւն մի՛ ընէք խղճմտանքի համար. 26վասն զի երկիրը իր լիութիւնովը Տէրոջն է։ 27Եւ եթէ անհաւատներէն մէկը ձեզ կերակուրի հրաւիրէ եւ ուզէք երթալ, ամէն ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք առանց խղճահարուելու։ 28Բայց եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ՝ «Ատիկա կուռքի զոհուած է», այն ատեն անոր համար որ ձեզի իմացուց ու անոր խղճմտանքին համար մի՛ ուտէք. #10.28 Ոմանք կ’աւելցնեն, վասն զի երկիր իր լիութիւնովը Տէրոջն է 29սակայն խղճմտանք կ’ըսեմ՝ ո՛չ թէ ձերը, հապա ընկերինը։ Բայց ինչո՞ւ իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդուի ուրիշին խղճմտանքին համար։ 30Եթէ ես #10.30 Կամ, շնորհքովշնորհակալութեամբ կը վայելեմ՝ ինչո՞ւ համար հայհոյեն ինծի, քանի որ կը գոհանամ։ 31Արդ՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։ 32Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, ո՛չ #10.32 Յուն., Յոյներունհեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին։ 33Ինչպէս ես ալ ամէն կերպով ամենուն հաճոյ կ’ըլլամ ու չեմ փնտռեր իմ անձիս օգուտը, հապա շատերունը՝ որպէս զի փրկուին։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy