ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 8:1-2
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 8:1-2 WA2017
Կուռքերուն զոհերուն վրայով՝ գիտենք թէ ամէնքս ալ գիտութիւն ունինք։ Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ։ Եթէ մէկը կը կարծէ թէ բան մը գիտէ, իրապէս բան մը չի գիտեր՝ ինչպէս պէտք է գիտնար։





