Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն՝ որպէսզի բաշխեն, եւ երկու ձուկերը բաժնեց ժողովուրդին։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աւելցած հացի եւ ձուկի կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։