Ուրեմն, դուք ալ արթուն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ տանտէրը գիշերուան ո՛ր պահուն կու գայ, երեկոյեա՞ն, կէս–գիշերի՞ն, հաւախօսի՞ն թէ առաւօտուն։ Որպէսզի չըլլա՛յ որ յանկարծ գայ եւ ձեզ քնացած գտնէ։ Արդ, ինչ որ ձեզի կ՚ըսեմ, բոլորին կ՚ըսեմ.– Արթո՛ւն կեցէք։