1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:8
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։
Compare
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:8
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:5
Եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:5
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:3-4
Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ Եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս.
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:3-4
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:1-2
Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք եւ Աստուծոյ փառքին յոյսովը կը պարծինք։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:1-2
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:6
Վասն զի երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:6
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:9
Քրիստոս մեզի համար մեռաւ. ուրեմն հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:9
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:19
Վասն զի ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:19
8
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:11
Եւ ոչ միայն այս, հապա Աստուծմով կը պարծենանք ալ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով հիմա հաշտութիւն ընդունեցինք։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5:11