1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:9
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս.
Compare
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:9
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:10
(Վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար։)
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:10
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:17
Ուրեմն հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:17
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:11-13
Քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ»։ Վասն զի խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է, որ առատութեամբ կը հասնի անոնց, որոնք իրեն կը կանչեն։ Քանզի «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:11-13
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:15
Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. «Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:15
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:14
Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:14
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:4
Քանզի օրէնքին վախճանը Քրիստոս է ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 10:4