1
ՍԱՂՄՈՍ 91:2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. Իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 91:2
2
ՍԱՂՄՈՍ 91:1
Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հավանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 91:1
3
ՍԱՂՄՈՍ 91:15
Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ, Նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ, Պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա
Explore ՍԱՂՄՈՍ 91:15
4
ՍԱՂՄՈՍ 91:11
Վասն զի իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, Որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 91:11
5
ՍԱՂՄՈՍ 91:4
Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ Ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։ Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 91:4
6
ՍԱՂՄՈՍ 91:9-10
Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր, Քեզի չարիք պիտի չհասնի Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 91:9-10
7
ՍԱՂՄՈՍ 91:3
Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն, Ապականիչ ժանտամահէն։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 91:3
8
ՍԱՂՄՈՍ 91:7
Հազար հոգի քու քովէդ Ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, Բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 91:7
9
ՍԱՂՄՈՍ 91:5-6
Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն Ու ցորեկը՝ թռչող նետէն, Ոչ ալ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն Ու կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 91:5-6