1
ՍԱՂՄՈՍ 40:1-2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց Ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 40:1-2
2
ՍԱՂՄՈՍ 40:3
Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։ Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան Ու Տէրոջը պիտի յուսան։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 40:3
3
ՍԱՂՄՈՍ 40:4
Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ Ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 40:4
4
ՍԱՂՄՈՍ 40:8
Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 40:8
5
ՍԱՂՄՈՍ 40:11
Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ հեռացներ ինծմէ. Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 40:11