1
ՍԱՂՄՈՍ 119:105
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:105
2
ՍԱՂՄՈՍ 119:11
Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ, Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:11
3
ՍԱՂՄՈՍ 119:9
Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:9
4
ՍԱՂՄՈՍ 119:2
Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն Ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:2
5
ՍԱՂՄՈՍ 119:114
Իմ ապաւէնս ու ասպարս դուն ես, Քու խօսքիդ յուսացի։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:114
6
ՍԱՂՄՈՍ 119:34
Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ Ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:34
7
ՍԱՂՄՈՍ 119:36
Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յօժարեցուր Ու ո՛չ թէ ագահութեան։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:36
8
ՍԱՂՄՈՍ 119:71
Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ, Որպէս զի քու կանոններդ սորվիմ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:71
9
ՍԱՂՄՈՍ 119:50
Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է, Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:50
10
ՍԱՂՄՈՍ 119:35
Առաջնորդէ՛ ինծի քու պատուիրանքներուդ շաւիղին մէջ, Վասն զի անոր հաւնեցայ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:35
11
ՍԱՂՄՈՍ 119:33
Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան Ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:33
12
ՍԱՂՄՈՍ 119:28
Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի, Հաստատէ՛ զիս քու խօսքիդ համեմատ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:28
13
ՍԱՂՄՈՍ 119:97
Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 119:97