1
ՍԱՂՄՈՍ 103:2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 103:2
2
ՍԱՂՄՈՍ 103:3-5
Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ, Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ Եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով. Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով Ու քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 103:3-5
3
ՍԱՂՄՈՍ 103:1
Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 103:1
4
ՍԱՂՄՈՍ 103:13
Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 103:13
5
ՍԱՂՄՈՍ 103:12
Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 103:12
6
ՍԱՂՄՈՍ 103:8
Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 103:8
7
ՍԱՂՄՈՍ 103:10-11
Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 103:10-11
8
ՍԱՂՄՈՍ 103:19
Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 103:19