Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին որդիին Սողոմոնին առակները.-
Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար,
Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար,
Իմաստութեան կրկնութիւնը ընդունելու համար,
Այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը՝
Միամիտներուն սրամտութիւն տալու համար
Ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար։