Բայց եթէ Տէրը հրաշք մը ընէ եւ երկիր իր բերանը բանայ ու զանոնք եւ անոնց բոլոր ունեցածը կլլէ ու անոնք ողջ ողջ դժոխք իջնեն, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ այս մարդիկը Տէրը անարգեցին»։
Երբ այս բոլոր խօսքերը լմնցուց, անոնց տակի գետինը պատռտուեցաւ Եւ երկիր իր բերանը բացաւ ու զանոնք եւ անոնց տուները ու Կորխին ունեցած բոլոր մարդիկը եւ բոլոր անոնց ինչքը կլլեց։