Երազի մէջ, գիշերուան տեսիլքի մէջ,
Երբ խորունկ քուն մը կ’իյնայ մարդոց վրայ,
Երբ անոնք իրենց անկողիններուն մէջ կը քնանան։
Այն ատեն մարդոց ականջները կը բանայ
Ու իր խրատով կը զգուշացնէ,
Որպէս զի մարդը գէշ գործէ դարձնէ
Ու մարդէն հպարտութիւնը արգիլէ։
Անոր հոգին գերեզմանէն կը պահէ
Ու կեանքը՝ որպէս զի սրով չմեռնի։