Տէրը իր ըսածին պէս ըրաւ, քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ անոր ձայնին մտիկ չըրիք. ատոր համար այս բանը ձեզի եղաւ։ Այսօր քու ձեռքերուդ շղթաները քակեցի. եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ առջեւ աղէկ է՝ եկո՛ւր ու իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ. բայց եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ գէշ կ’երեւնայ՝ մի՛ գար։ Ահա բոլոր երկիրը քու առջեւդ է, ուր որ քեզի աղէկ ու հաճոյ կ’երեւնայ՝ հո՛ն գնա։