Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մտիկ չ’ըներ այն ուխտին խօսքերուն, Որոնք ես ձեր հայրերուն պատուիրեցի Եգիպտոսի երկրէն, այն երկաթի հնոցէն զանոնք հանած օրս ու ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք ու ձեզի հրամայածս գործադրեցէ՛ք, որպէս զի դուք իմ ժողովուրդս ըլլաք ու ես ձեր Աստուածը ըլլամ.