1
ԵՍԱՅԵԱՅ 65:24
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ, Մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 65:24
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 65:17
Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ Եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 65:17
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 65:23
Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին Ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին. Քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են Ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 65:23
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 65:22
Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, Անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. Վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան Եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 65:22
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 65:20
Հոն անգամ մըն ալ՝ քիչ օր ապրող տղայ, Կամ օրերը չլեցուած ծեր պիտի չըլլայ, Քանզի երիտասարդը հարիւր տարեկան պիտի մեռնի Եւ հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 65:20
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 65:25
Գայլն ու գառը մէկտեղ պիտի արածին։ Առիւծը արջառին պէս յարդ պիտի ուտէ։ Օձին կերակուրը հող պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ սուրբ լերանս մէջ պիտի չվնասեն Ու պիտի չապականեն», կ’ըսէ Տէրը։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 65:25
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 65:19
Երուսաղէմի վրայ պիտի ցնծամ Ու իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի ուրախանամ։ Հոն անգամ մըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 65:19