1
ԵՍԱՅԵԱՅ 51:12
Western Armenian Bible 1853
WARMB
«Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ։ Դուն ո՞վ ես, որ մահկանացու մարդէն Ու խոտի նմանող մարդու զաւկէն կը վախնաս։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 51:12
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 51:16
Իմ խօսքերս քու բերանդ դրի, Քեզ ձեռքիս հովանիովը ծածկեցի, Որպէս զի երկինքը հաստատեմ ու երկրին հիմերը դնեմ Եւ Սիօնին ըսեմ՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 51:16
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 51:7
Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՜վ արդարութիւն ճանչցողներ Եւ իմ օրէնքս ձեր սրտին մէջ պահող ժողովուրդ. Մարդոց նախատինքէն մի՛ վախնաք, Անոնց բամբասանքէն մի՛ զարհուրիք։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 51:7
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 51:3
Վասն զի Տէրը Սիօնը պիտի մխիթարէ. Անոր բոլոր աւերակները պիտի մխիթարէ, Անոր անապատը՝ Եդեմի պէս, Անոր ամայութիւնը Տէրոջը դրախտին պէս պիտի ընէ։ Անոր մէջ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն, Գովութեան եւ օրհնութեան ձայն պիտի գտնուի։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 51:3
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 51:11
Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան Ու երգերով Սիօն պիտի գան։ Անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան, Տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 51:11