1
ԵՍԱՅԵԱՅ 31:1
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Վա՜յ անոնց, որ օգնութեան համար Եգիպտոս կ’իջնեն Ու ձիերու կը վստահին եւ կառքերու կ’ապաւինին, որովհետեւ շատ են Ու ձիաւորներու՝ որովհետեւ խիստ զօրաւոր են, Սակայն Իսրայէլի Սուրբին չեն նայիր Ու Տէրը չեն փնտռեր։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 31:1
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 31:2
Բայց ան իմաստուն է ու աղէտ կը բերէ։ Եւ իր խօսքերը ետ չի դարձներ։ Բայց չարերուն տանը դէմ Եւ անօրէնութիւն գործողներուն օգնութեանը դէմ պիտի ելլէ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 31:2