Այն գիշերը թագաւորին քունը փախաւ ու հրամայեց, որ դիպուածները պատմող յիշատակներու գիրքը բերեն ու թագաւորին առջեւ կարդան։ Ու հոն գրուած գտնուեցաւ թէ Մուրթքէ՝ դրանը պահպանութիւն ընող՝ թագաւորին երկու ներքինիներուն, Բիգթանին ու Թարէսին, համար իմացուցեր էր, թէ անոնք Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել ուզեր էին։