Եւ Պետրոս ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս ու ագարակին գինէն խորես։ Չէ՞ որ քուկդ էր այն՝ քանի որ կեցեր էր ու ծախուած ալ՝ քու իշխանութեանդ տակ էր. ինչո՞ւ քու սրտիդ մէջ այս բանը դրիր։ Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ»։ Եւ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ մեծ վախ ինկաւ ամենուն վրայ, որոնք ասիկա լսեցին։