Եւ ըսաւ. «Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՝ ‘Լսելով պիտի լսէք՝ ու պիտի չիմանաք եւ տեսնելով պիտի տեսնէք՝ ու պիտի չտեսնէք. Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որ չըլլայ թէ իրենց աչքերովը տեսնեն ու ականջներովը լսեն եւ սրտերովը իմանան ու դարձի գան եւ ես բժշկեմ զանոնք’։