1
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:27
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Բայց Աստուած աշխահիս յիմարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները.
Compare
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:27
2
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:18
Քանզի խաչին քարոզութիւնը կորսուածներուն յիմարութիւն է, բայց մեզի փրկուածներուս Աստուծոյ զօրութիւնն է
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:18
3
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:25
Վասն զի Աստուծոյ յիմարը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է եւ Աստուծոյ տկարը մարդոցմէ աւելի զօրաւոր է։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:25
4
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:9
Հաւատարիմ է Աստուած, որով կանչուեցաք հաղորդակից ըլլալու իր Որդիին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:9
5
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:10
Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ու երկպառակութիւններ չըլլան ձեր մէջ. հապա դուք մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլաք։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:10
6
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:20
Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:20