Արդ՝ անոր, որ կարող է ձեզ հաստատել իմ աւետարանիս պէս ու Յիսուս Քրիստոսին քարոզութեանը պէս, այն խորհուրդին յայտնուելուն պէս՝ որ յաւիտենական ատեններէն ի վեր ծածկուած էր, հիմա յայտնուեցաւ ու մարգարէական գրքերը յաւիտենական Աստուծոյ հրամանով բոլոր հեթանոսներուն ճանչցուեցան, հաւատքի հնազանդելու համար, մի միայն իմաստուն Աստուծոյն, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, փառք յաւիտեանս։ Ամէն։