1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:17-18
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Վասն զի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։ Քանզի եթէ մէկը այս բաներով Քրիստոսին ծառայէ, անիկա Աստուծոյ հաճելի կ’ըլլայ ու մարդոցմէ կը գովուի։
Compare
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:17-18
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:8
Քանզի եթէ ապրինք, Տէրոջը համար կ’ապրինք եւ եթէ մեռնինք, Տէրոջը համար կը մեռնինք. ուրմեն թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:8
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:19
Ուրեմն իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:19
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:13
Ա՛լ զիրար չդատենք, հապա որոշենք մեր մտքերուն մէջ՝ խոչ կամ գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:13
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:11-12
Վասն զի գրուած է. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի եւ ամէն լեզու Աստուած պիտի դաւանի»։ Ուրեմն մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:11-12
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:1
Հաւատքի մէջ տկար եղողը ընդունեցէք, ո՛չ թէ տարակուսական որոշումներով։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:1
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:4
Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ. բայց պիտի կանգնի, վասն զի Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:4
YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy
Home
Bible
Plans
Videos