1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:2
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։
Compare
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:2
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:1
Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:1
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:12
յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք.
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:12
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:21
Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:21
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:10
Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք.
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:10
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:9
սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:9
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:18
Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:18
8
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:19
Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:19
9
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:11
ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք.
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:11
10
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:3
Քանզի ինծի տրուած շնորհքով այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:3
11
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:17
չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:17
12
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:16
իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք. ամբարտաւանութիւն մի՛ ընէք, հապա խոնարհներուն հետ խոնարհեցէ՛ք, ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի՛ դնէք.
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:16
13
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:20
Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:20
14
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:14-15
ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք. խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք.
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:14-15
15
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:13
սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեէ եղէ՛ք.
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:13
16
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:4-5
Վասն զի ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք։
Explore ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:4-5
YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy
Home
Bible
Plans
Videos