1
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:1
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Երբ եօթներորդ կնիքը քակեց, լռութիւն մը տիրեց երկինքը՝ կէս ժամու չափ։
Compare
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:1
2
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:7
Առաջին հրեշտակը փողը հնչեցուց ու եղաւ կարկուտ ու կրակ արիւնով խառնուած ու երկրի վրայ ձգուեցաւ, [ու երկրին երրորդ մասը այրեցաւ,] եւ ծառերուն երրորդ մասն ալ այրեցաւ ու բոլոր կանանչ խոտերը այրեցան։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:7
3
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:13
Նայեցայ ու երկնքի մէջ թռչող հրեշտակի մը ձայնը լսեցի, որ մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ երկրի վրայ բնակողներուն՝ այն մնացած փողի ձայներուն համար, որոնք երեք հրեշտակները պիտի հնչեցնեն»։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:13
4
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:8
Երկրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց եւ բան մը, որպէս մեծ լեռ մը՝ կրակով բռնկած՝ ծովը ձգուեցաւ։ Ծովուն երրորդ մասը արիւն եղաւ
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:8
5
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:10-11
Երրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքէն մեծ աստղ մը՝ լամբարի պէս բորբոքած՝ գետերուն ու ջուրի աղբիւրներուն երրորդ մասին վրայ ինկաւ։ Այն աստղին անունը Օշինդր էր ու ջուրերուն երրորդ մասը օշինդր եղաւ եւ շատ մարդիկ ջուրերէն մեռան, քանզի դառն էին։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:10-11
6
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:12
Չորրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու արեւին երրորդ մասը եւ լուսնին երրորդ մասը ու աստղերուն երրորդ մասը զարնուեցան, այնպէս որ անոնց երրորդ մասը խաւարեցաւ եւ օրուան երրորդ մասը լոյս չտուաւ, նոյնպէս ալ՝ գիշերուանը։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8:12
YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy
Home
Bible
Plans
Videos