1
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:9
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Նոր երգ մը կ’երգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես դուն այդ գիրքը առնելու եւ ատոր կնիքները քակելու. վասն զի մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ
Compare
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:9
2
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:12
որոնք մեծ ձայնով կ’ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու»։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:12
3
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:10
եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք»։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:10
4
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:13
Բոլոր արարածները, որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ու երկրի տակ եւ ծովու մէջ ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կային՝ լսեցի որ կ’ըսէին. «Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից»։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:13
5
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:5
Ու երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ ու անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ։»
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:5