Հազար տարին լրանալէն վերջը պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն, որ պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը՝ Գոգն ու Մագոգը՝ որպէս զի զանոնք պատերազմի հաւաքէ, որոնց համրանքը ծովու աւազին չափ է։ Երկրին ընդարձակութեանը մէջ ելան եւ սուրբերուն բանակը ու սիրելի քաղաքը չորս կողմէն պատեցին։